2014-04-03 14:36:24

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքին


RealAudioMP3 2013ի տարին, մեզի առիթը տուաւ խորացնելու եւ ապրելու մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Առիթէն օգտուելով, խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին, Ծայրագոյն վարդապետներուն, վարդապետներուն, երէց քահանաներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, հոգեւոր Քոյրերուն, նուիրեալ հոգիներուն, եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք չխնայեցին իրենց ժամանակը, առողջութիւնը և հարազատը, ի յայտ բերելու համար համագործակցութիւնն ու նուիրումը, վկայութիւնն ու ապրումը մեր քրիստոնէական հաւատքին, իրենց բարի օրինակով եւ զոհողութեամբ։ Տարի մը ամբողջ կեդ րոնացանք Հաւատքի բացառիկ շնորհքներուն վրայ, խնդրեցինք Ս. Հոգւոյն լոյսը, աղօթե­ ցինք միասին, քարոզեցինք եւ վկայեցինք հաւատքին, մեր առօրեայ կեան քով։ Տարին բոլորելով սակայն, փակեցի՞նք արդեօք մեր հաւատքի էջը, թէ սկսանք ու կըշարունակենք հաւատալ, արժանանալու համար այն հրաշալի երանութեան, զոր Յիսուս, յարութենէն ետք Ս. Թոմասին, ըսաւ. “Որովհետեւ դուն ինծի տեսար հաւատա ցիր. Երանի՜ անոնց որոնք չեն տեսներ, սակայն կը հաւատան” (Յով.20,29): Այո, երանութեան պիտի արժանանանք եթէ շարունակենք մեր քրիստոնէական հաւատքի ապրումները։

1 - Այս բնաբանին վրայ հիմնուած, կու գամ անգամ մը եւս հովուական թուղթով հրաւիրելու Ձեզ յոյժ սիրելի կղեր եւ հաւատացեալներ, 2014ի նոր տարին ապրելու Ընտանիքին հետ։ Մենք ալ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ միասին, այս տարին կը նուիրենք մեր հայ ընտանիքին, որ պէտք ունի վերագտնելու աւետարանին պատգամը եւ զայն ապրելու հրամայականը։
Յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքին, որ 1994ին Միացեալ Ազգերու նախաձեռնութեաբ կազմակերպուած էր։ Այս հովուական թուղթին մէջ սրբազան Քահանայապետը կը գովէ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը, որ նման նախաձեռնութիւն մը կատարեց, որովհետեւ գերազանց առիթ մըն է աշխարհի ազգերուն եւ պետութիւններուն, անդրադառնալու եւ արժէւորելու ընտանիքը մեր ներկայ հասարակական ընկերութեան մէջ։ Եկեղեցին ալ իր կարգին, կ՛ըսէ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, մաս կը կազմէ այս վսեմ շարժումին, քանի եկեղեցիին նկարագիրը եւ կոչումն է, Քրիստոսէ իրեն պարգեւուած, յատուկ առաքելութեամբ երթալու “բոլոր ազգերուն” (Մատթ 28, 19): Սակայն, կը շարունակէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը “կ՛ուզեմ այս թուղթովս ուղղուիլ ոչ վերացական ընտանիքի հաստատութեան, այլ իրականին, աշխարհի որ մէկ կողմը որ գտնուի, որ մէկ գոյնի կամ ազգի եւ կամ մշակոյթի պատկանի։ Կ՛ուզեմ որ այս պատգամը հասնի ամէն մէկ ընտանիքի, որ կենսական կորիզ մըն է տիեզերական մարդկային մեծ ընտանիքին” ։

2- Ինչպէս անցեալին ընտանիքի մասին աշխատանք մը կատարուած է համաշխարհային մակարդակով, Այս տարին ալ Աստուծոյ կամքով կ՛ուզեմ որ հովուական այս թուղթով, ձեզի հետ միասին բաժնել, Նախ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները, որուն համար այս տարի Եպիսկոպոսներու բացառիկ Սիւնհոդոսի ատեն, պիտի ուսումնասիրուին ընկերային կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ պայքարները, որոնք կը սպառնան Ընտանիքին։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին բաժնել մեր Թեմի Ընտանիքի վիճակը։ Անձնապէս, որպէս Հովիւ կ՛ուզեմ կիսուել Ձեզի հետ՛ իմ խորհրդածութիւններս, մտահոգութիւններս ու հարազատ փափաքներս հայ ընտնիքի առողջ ու երջանիկ կեանքին համար։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին ապրիլ ընտանեկան նոր շունջ մը. հարուստ մարդկային եւ գերբնական շնորհքներով։ Կ՛ուզեմ ձեզի հետ միասին աղօթել հայ ընտանիքի վերականգնումին համար։ Աշխատիլ ձեզի հետ վերարծելու հիմնական բնաբանները ընտանիքին, զարգացնել բարոյական արժէքները սլանալու համար դէպի աստուածային բարձունքները։
Մինչ աշխարհը, իր քայքայիչ ու քանդիչ աշխատանքները կը տանի ընտանիքին դէմ, զայն ենթարկելով ազատութեան խաբուսիկ պատկերներուն, սուտ աձնական իրաւաբանական բացականչութիւններուն, եւ կամ անբարոյականութիւնը հաստատելով, որպէս անհատի անձնական բնական երեւոյթ, իսկ կենակցութիւնը փոխանակ ամուսնութեան, վիժումը, փոխանակ կեանքի պահպանութեան, միասեռականութիւնը, անհատի ազատութեան գերագոյն արտայայտութիւն, մենք Հայ ազգի մաքուր ցեղի զաւակներ, Քրիստոնեայ հաւատացեալ ազգի վերապրողներ, եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ յարած հաւատարիմներ, պիտի աշխատինք լրջօրէն մօտենալ ընտանիքի մաքուր ըմբռնումին, նախեւ առաջ Ս. Գրային իմաստով, տեսնելու Աստուծոյ ստեղծագործութեան վեցերորդ օրուան հրաշքը, երբ ստեղծեց մարդը “եւ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին վրայ, Աստուծոյ պատկերին վրայ ստեղծեց անոր, արու եւ էգ ստեղծեց անոնց” (Գիրք,Ծնն.Ա,27), եւ քննել ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ, այս նախադասութիւնը, ուր կրկնութիւններով, Աստուած կը յայտնաբերէ մարդ էակի ստեղծագործութեան բաձառիկ կարեւորութիւնն ու յատուկ կոչումը։Ապա աշխարհի կեանքի մէջ ընտանիքը, անոր ընկերային, բարոյական եւ իրաւական հարցերը, իրաւունքները եւ պարտականութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.