2014-04-03 11:21:59

8.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Չիլին


8.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Չիլիի հիւսիսը եւ շրջանը վերածեց աղէտի գօտիի: Երկրաշարժին կիզակէտը եղած է ծովուն մէջ, ամենամօտ ցամաքէն 60 մղոն արեւմուտք եւ 12.5 մղոն խորութեան վրայ:
Վեց զոհ պատճառած եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տեղահանած երկրաշարժին պատճառով 2.1 մեթր բարձրութեամբ ալիքներ հարուածեցին կարգ մը շրջաններ, ելեկտրականութեան ընդհատում տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ հրդեհներ յառաջացան եւ հողի սահանքներ տեղի ունեցան:
Երկրաշարժէն ետք արձանագրուեցան բազմաթիւ յետցնցումներ, որոնցմէ մէկը` 6.2 աստիճան ուժգնութեամբ:
Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, կառավարութիւնը ծովաշարժի մը հաւանականութեան պատճառով կոչ ըրած էր ծովեզերեայ շրջանի բնակիչներուն, որ աւելի բարձր վայրեր ապաստանին, սակայն Չորեքշաբթի առաւօտեան, երբ ծովաշարժի մը հաւանականութիւնը բաւական նուազած էր, անոնց վերադառնալու կոչ ըրած էր նաեւ:
Յիշեցնենք, թէ 2010ին Չիլին հարուածած 8.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժի աւելի քան 500 զոհերուն մեծ մասը՝ երկրաշարժին յաջորդած ծովաշարժին զոհ գացած էր:
Չիլիի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրաշարժէն օգտուելով 300 կին բանտարկեալներ փախուստ տուած են բանտէ մը: Ոստիկանութիւնը յաջողած է անոնցմէ 26-ը ձերբակալել:








All the contents on this site are copyrighted ©.