2014-04-02 13:11:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ամուսնութեան սուրբ Խորհուրդը''։


Չորեքշաբթի, 2 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։ Ունկնդրութեան ընթացքին շարունակելով Սուրբ Խորհուրդներու մասին սկսած իր խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց ''Ամուսնութեան սուրբ Խորհուրդի'' վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, այսօր կ՛աւարտենք Սուրբ Խորհուրդներու մասին խորհրդածութիւններու շարքը, խորհրդածելով Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդի մասին։
Այս խորհուրդը մեզ կ՛առաջնորդէ Աստուածային ծրագիրին սիրտը, որ է ուխտի եւ հաղորդութեան ծրագիր մը։ Մենք ստեղծուած ենք սիրելու համար, Աստուծոյ պատկերին համաձայն, այր ու կին, որպէս Աստուծոյ եւ անոր սիրոյ արտացոլում։ Երբ այր ու կին մը սուրբ պսակի խորհուրդին կը մօտենան, Աստուած այդ ամոլէն մէկ գոյութիւն մը կ՛իրականացնէ, հաղորդութեան նշանին տակ որ Աստուծոյ մէջ կը գտնէ իր ու ուժն ու ակնաղբիւրը ։ Ամուսնութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը – կը համապատասխանէ յատուկ մէկ կոչումի մը եւ պէտք է նկատուի որպէս ''օծում'։ Այրն ու կինը օծուած են սիրոյ մէջ։ Կեանքի սովորական ընթացքի ընդմէջէն ամոլները պէտք են տեսանելի դարձնել սէրը որով Քրիստոս կը սիրէ Եկեղեցին։ Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է։ Երբ փեսան կ՛աղօթէ հարսին համար եւ հարսը կ՛աղօթէ փեսային համար այդ կապը կը դառնայ ամուր, յարեց Սրբազան Հայրը, ու ապա ակնարկեց ամուսնական կեանքի դժուարութիւններուն ու դժուարութիւններու բերումով ծագած ընտանեկան հարցերուն, յանձնարարելով թէ որեւէ մէկ դժուարութեան ու հարցի դիմագրաւումը կը գտնուի սիրոյ մէջ, ու հրաւիրեց ամոլները առօրեան աւարտել միշտ հաշտութեամբ։
Հաշտուելու համար պէտք չիկայ ՄԱԿ ին դիմել, ըսաւ Քահանայապետը, բաւարար է նոյնիսկ փոքրիկ ժեստ մը, համբոյր մը, ներողութիւն, շնորհակալութիւն եւ բարեհաճիս բառերը։ Երեք կախարդական բառեր որ միացած փեսայն եւ հարսին փոխադարձ աղօթքին ու հաշտութեան ձգտումին թոյլ կու տան որ ամուսնական կեանքը յարատեւէ։ ''Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ ինծի համար այօթեցէք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը եզրափակելով։
Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող Իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսկեալներուն։ Սիրելի երիտասարդներ` սուրբ Ֆրանչիսկոս Տի Փաոլայէն սորվեցէք խոնահութիւնը որ է զօրութեան եւ ոչ թէ տկարութեան նշան։ Սիրելի հիւանդներ` մի դադրիք հայցելէ Տիրոջ օգնութիւնը եւ դուք սիրելի նորապսկեալներ մրցակցեցէք իրար յարգելու եւ իրար զիրար օգնելու մէջ։


Յայտնենք որ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շնորհուեցաւ երկու հոգինոց սպիտակ հեծանիւ մը, տրուած ըլլալով որ այսօր չորեքշաբթի 2 ապրիլ 2014ին կը նշուի հոգեբանական ներանձնացումի օրը։ Հոգեբանական կծկծումի կամ ներանձնացումի ախտէն տառապող երեք երախաներ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նուիրեցին երկու հոգինոց հեծանիւ մը, Hughik-ի նմանօրինակ, որ է հոգեբանական կծկծումէ տառապող երախաներու արտադրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.