2014-04-02 09:41:42

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը այցելեց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին:


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Երեշաբթի, 1 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Լիբանանի յատուկ ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի։ Այցելութիւնը կը մտնէր Քեսապի հարցին շուրջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ կատարուող խորհրդակցութիւններու շրջագիծէն ներս։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ՄԱԿ-ի ներկայացուցչին հակիրճ պատմականը ըրաւ Քեսապի հայաւանի ստեղծումին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը Հայութեան համար։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը պարզեց Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ապաստան գտած ժողովուրդին տառապալի վիճակը, շեշտեց տեղահանուած ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ անոր իր բնօրրանը անյապաղ եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու հրամայականը։ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը անոր յանձնեց մէկ օրինակը յայտարարութեան զոր Քեսապի մասին հրապարակեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Գերագոյն Խորհուրդը:
Տերեք Փլամպլի իր կարգին խոստացաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նկատողութիւնները եւ ակնկալութիւնները փոխանցել առ որ անկ է եւ հարկը տնօրինել Քեսապէն տեղահանուած հայ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն կատարելու ուղղութեամբ։



Քեսապահայութեան մասին հանդիպում` ընդմէջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Լիբանանու մէջ պապական նուիրակին։

Սուրիա-Թուրքիա սահմանի թրքական կողմէն ներխուժած զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ հաստատած շփումներու շրջագիծէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ երկուշաբթի, 31 մարտի կէսօրին, Լիբանանու Պապական նուիրակութեան Հարիսայի նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական Նուիրակ գերապայածառ Կապրիելլէ Քաչչիայի հետ, որուն յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց Սուրիայ – Թուրքիայ սահամանին մօտ գտնուող հայ աւանին ստեղծման պարագաները։ Խօսակցութիւնը այնուհետեւ շօշափեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս եւ քեսապահայութեան վիճակը մասնաւորաբար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պապական Նուիրակին տեղեկացուց Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ ասոր հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան ծանրակշիռ վիճակի մասին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Լաթաքիա ապաստանած Քեսապահայութեան մարդասիրական անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոր իր բնօրրանը անվտանգ վերադարձը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը՝ խնդրելով այս մասին տեղեկագրել Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.