2014-04-02 12:55:17

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Արթուն մնացէք...
Գիշերապահներու համար անքնութեան ամէնէն դառն ու տաժանելի պահերը, մարդկային քունի համար բնութեան կողմէ յատկացուած գիշերային ժամերն են բնականաբար: Սակայն, գործին բնոյթը ու մանաւանդ կեանքի ապրուստը ստիպողութեան դիմաց դրած ըլլալով զիրենք, կը հարկադրուին բնութեան դէմ պայքարիլ գիշերապահներ, եւ «կորսուած» ժամերուն փոխարէն կեղծ քուն կը մտնեն ցերեկուան աղմկալից աշխարհի ժխորին մէջ: Վարագոյրներուն իջնելը, կամ պատուհաններու փեղկերուն փակուիլը մասամբ միայն կը ստեղծեն գիշերուան մթնոլորտը։
Մեր լեզուին մէջ տարածուած է «քնացած մարդ» արտայայտութիւնը, որ առհասարակ կը տրուի անհաստատ նկարագիրով անձերու, որոնք հարցերուն անտեղեակ՝ միշտ պատրաստ են իյնալու, սակայն՝ փորձառութենէն չսորվելու պայմանով: Աշխարհաբարի մէջ նաեւ «միամիտ» բառը կ՛օգտագործուի այսպիսիներուն համար, ցոյց տալու անոնց պարզամտութիւնը:
Քնացած մարդիկը եւս սակայն, պէտք է երկու խումբի բաժնել: Անոնցմէ ոմանք դերասանական այնպիսի շնորհքով օժտուած կ՛ըլլան, որ իրենց քնացած ըլլալուն ծանօթութիւնը կ՛ունենան, այսինքն՝ պարզապէս քնացած ըլլալ կը ձեւացնեն, մասնաւոր նպատակի հասնելու համար: Ասիկա կարելի է նմանցնել այն ճարպիկ տանտէրին, որ երբ զգայ գողին տուն մտնելը գիշեր ատեն, կեղծ քուն կը ձեւացնէ, անշարժ մնալով իր անկողինին մէջ, մինչեւ հասնի յարմարագոյն պահը, վեր ցատկելու եւ անոր գլխուն իջեցնելու լախտի հարուածը:
Միւս խումբին մէջ կ՛իյնան իսկապէս «քնացածներ», որոնք շատ հաւանաբար մտային անհաւասարակշռութենէ կը տառապին, եւ կամ՝ ժառանգաբար իրենց ծնողներէն ստացած կ՛ըլլան պաղարիւնութիւնը: Հետաքրքրութեան պակաս կը տեսնուի անոնց մօտ յաճախ: Աշխարհը իր մարդկութեամբ այսպէս տարբեր խումբերու բաժնուած է, եւ երբեմն դժուար կ՛ըլլայ զատորոշել իսկապէս եւ ձեւականօրէն քնացածները:
Յոգնեցուցիչ աշխատանք է միշտ զգաստ ու զգօն ըլլալը, որ կը նշանակէ մի՛շտ արթուն ըլլալ միտքով ու հոգիով: Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ միշտ պատրաստ ըլլալու գաղափարը շեշտուած է, վախճանաբանական իմաստով. ՜՜Դուք ալ ուրեմն պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր չակնկալած ժամուն պիտի գայ Մարդու Որդին։ ( Ղկ 12.40):
Ուստի՝ մեզմէ կը սպասուի արթուն ըլլալ միտքով, ա՛յս աշխարհի վրայ չխաբուելու համար, իսկ հոգիով՝ մի՛ւս աշխարհին մէջ չկորսուելու համար…:







All the contents on this site are copyrighted ©.