2014-04-01 10:29:14

Էրտողանի կուսակցութիւնը յաղթական։


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է եւ խոստացած է, որ իր թշնամիները «ատոր գինը պիտի վճարեն»:
Ան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Անգարայի կեդրոնատեղիի պատշգամէն խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնած է իր համակիրներուն` նշելով. «Դուք Թուրքիոյ իտէալներուն տէր կանգնեցաք… քաղաքականութեան, ձեր կուսակցութեան եւ ձեր վարչապետին տէր կանգնեցաք»: Սակայն ան զգուշացուցած է, որ «մուտք պիտի գործէ որջը» թշնամիներուն, որոնք զինք ամբաստանեցին փտածութեան յանցանքով եւ պետական գաղտնիքներ սպրդեցուցին: «Ատոր համար պիտի վճարեն», ըսած է ան:
«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կայքը երէկ հաղորդած է, որ Մուշ քաղաքին մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իշխող կուսակցութեան թեկնածուի յաղթանակէն ետք, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համակիրները քարեր նետած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակին վրայ, եւ ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է շէնքէն դուրս բերել մարդոց:
Էրտողանի հակառակորդները նաեւ կոտրած են խանութներու ապակիներ, դրամատուներու մեքենաներ եւ վնաս հասցուցած են քաղաքապետարանի շէնքին:
Ցուցարարները ցրուելու համար ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է:
Նշենք, որ կիրակի օր Ալեքսանտրէթի եւ Ուրֆայի մէջ իրարու մրցակից թեկնածուներու համակիրներուն միջեւ բախումները 9 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառած








All the contents on this site are copyrighted ©.