''Քեսապահայութիւնը թէեւ կը տառապի, սակայն կը մնայ կառչած իր հողին եւ յոյսով ու հաւատքով
է շուտով տուն վերադառնալ'' կ՛ըսէ Հայր Նարեկ Լուիսեան։
Անցեալ մարտի 21-ին, թրքական կողմէն Քեսապի հայաբնակ աւանին ուղղութեամբ անակնկալօրէն
սանձազերծուած զինուորական թափանցումի գործողութիւններուն հետեւանքով` քեսապահայութեան
տեղահանութեան եւ ստեղծուած ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակին ի տես, շաբաթ, 29 մարտին
հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ
Բերիոյ Թեմի առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպ. Միրիաթեանին, մեկնեցաւ Լաթաքիա, մօտէն
տեղեկանալու Քեսապահութեան իրավիճակի մասին եւ տեղահանուած ընտանիքներուն ապահովելու
զօրակցութիւն, մօտիկութիւն եւ օժանադակութիւններ ապահովելու։ Այս առթիւ Քեսապի հայ
կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Նարեկ Լուիսիան, Ռատիովատիկանին փոխանցեց հետեւեալ
հակիրճ տեղեկութիւնը`