2014-03-31 16:13:52

Փարիզը առաջին անգամ կին քաղաքապետ ունեցաւ


Փարիզը առաջին անգամ ըլլալով կին քաղաքապետ ունեցաւ: Անն Հիտալկոն նախօրէին կայացած ընտրութիւններուն եղած է բացարձակ յառաջատար: Ան նախապէս եղած է քաղաքապետի տեղակալ: Վկայակոչելով NTV-ն` Aysor.am-ը կը յայտնէ, թէ Ֆրանսայի մէջ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն սոցիալիստները իրենց դիրքերը զիջած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:
Կանխատեսումներ կան, որ վարչապետի ու քանի մը նախարարներու փոփոխութիւն ըլլայ:
Նշենք, որ Հիտալկոն յայտնի է իր հայամէտ յայտարարութիւններով: Ան առիթով մը յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ Եւրոմիութիւն մտնել միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային







All the contents on this site are copyrighted ©.