2014-03-31 11:25:09

Ռայի Պատրիարք. «կը դատապարտենք բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումները»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 30 մարտին առաւօտեան, Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի եւ Արսալի մէջ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներուն համար, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակուած բանակայիններուն եւ ոստիկաններուն ընտանիքներուն:
«Կը դատապարտենք բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ կատարուած բոլոր յարձակումները, որոնք կը գործուին մարդկութիւնը մերժող խմբաւորումներու կողմէ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան ցաւ յայտնեց, որ նման զինեալ խմբաւորումներ տակաւին այս կամ այն կողմին հովանաւորութիւնը կը վայելեն, կոչ ուղղեց կառավարութեան գործադրելու Լիբանանի մէջ կիրարկուելիք ապահովական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ գումարուելիք Ազգային երկխօսութեան նիստը այսօր ընթացք առնէ:
Միւս կողմէ, ուրբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած միջմարոնիական հանդիպումին մասին Պքերքէ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած են իբրեւ ազգային պարտականութիւն` նախագահական ընտրութիւնը ըստ օրէնքի եւ կանոնի, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Անոնք շեշտած են նաեւ լիբանանեան քրիստոնեայ եւ իսլամ հատուածներուն կողմէ հանրապետութեան նոր նախագահին ընդունուած ըլլալուն կարեւորութիւնը:
Մարոնի ղեկավարները կոչ ուղղած են ազատ եւ ժողովրդավարական նախագահական ընտրութեան կայացումին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս իմաստով գիտակից է իր դերակատարութեան եւ յանձնառու` ազգային շահերուն իրականացումին:
Հաղորդագրութեան աւարտին նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ ապահովական պատճառներով բացակայ էր հանդիպումէն, հաստատած է Ռայի պատրիարքին, թէ ինք կ՛որդեգրէ այդ հանդիպումին ընթացքին համախոհութեամբ գոյացած որոշումներն ու կեցուածքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.