2014-03-31 11:22:16

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Գացէ՛ք Յովսէփին, Եւ Ինչ Որ Ըսէ Ձեզի, Ըրէ՛ք…»


Սիրելի՛ ընթերցող, քառասնորդացի չորրորդ կիրակին մակագրուած է «Տնտեսին», որուն մասին ընթերցումը կատարեցինք երրորդ աւետարանիչէն (Ղկ. 16, 1-8):
Պղտոր եւ աղտոտ ջուրերուն մէջ «վարպետորդի» լողացող է «անիրաւ տնտեսը», ինչպէս սուրբգրային գիտութեան մէջ կը խարանուի ան, որուն չակերտեալ «իմաստութիւնն» է խորամանկութիւնը եւ «ճարպիկութիւնն» է խարդախութիւնը:
Թէպէտ «անիրաւ տնտեսը» կը թուի ըլլալ հետաքրքրական ու զգայացնցիչ, բայց եւ այնպէս այսօր կը տենչամ պատմել քեզի այլ տնտեսի մը մասին, որ, սակայն, աստուածաշնչեալ հեղինակին վկայութեամբ` «արդար մարդ էր» (Մտթ. 1, 19), եւ որուն հասցէին կարելի է կրկնել. «Գացէ՛ք Յովսէփին, եւ ինչ որ ըսէ ձեզի, ըրէ՛ք» (Ծն. 41, 55):
Նախ` նիւթի այս փոփոխութիւնը կ՛արդարանայ այսօրուան աւետարանին երկրորդ հատուածին (Ղկ. 16, 9-13) մէջ մեր Աստուածային Առակախօսին պահանջած երկու բարեմասնութիւններուն` հաւատարմութեան ու վստահութեան գործադրումով:
Ժամանակներու միակ Մարդաճանաչին իրապաշտ տեսութիւնն է. «Քիչին մէջ հաւատարիմը շատին մէջ ալ հաւատարիմ է: Փոքրին մէջ անհաւատարիմը մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է: Անտեսանելիին մէջ պարտաճանաչը տեսանելիին մէջ ալ պարտաճանաչ է: Անարգուած գործին մէջ բծախնդիրը յարգուած գործին մէջ ալ բծախնդիր է»:
Մարդկութեան միակ Ընկերաբանին անսխալական տեսութիւնն է. «Աստուծոյ քեզի վստահածը, ո՛վ ալ ըլլայ եւ ի՛նչ ալ ըլլայ, պիտի ջանաս գործածել ու տնտեսել քեզի վստահողին իմաստութեամբ եւ կամքին համաձայն»:
Երկրորդ` մարտ 19-ին կատարեցինք տօնը «Սուրբ Յովսէփ Աստուածահայր»-ին, որուն նուիրուած է այս ամբողջ ամիսը:
Երրորդ` վերոյիշեալ երկու առաքինութիւններուն` հաւատարմութեան ու վստահութեան հաւատարիմ, պարտաճանաչ, բծախնդիր եւ վստահելի գործադրութեամբ` Սուրբ Հայր Յովսէփ հանդիսացաւ «արդար տնտեսը»:
Ճիշդ է, որ միայն Սուրբ Մատթէոս ու Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչները կը խօսին «Յովսէփ»-ին մասին, եւ այն` թէպէտ շատ քիչ, բայց եւ այնպէս` այնքան սակաւ, որ լիովին կը բաւէ վրձինելու անոր հոգեբարոյական դիմագիծը: Փորձե՛մ:
Սուրբ Յովսէփ, մարգարէ ու սաղմոսերգու Դաւիթի արքայական ցեղէն, «հիւսն էր», ատաղձագործ, որուն հետ «նշանուած էր Մարիամ Կոյսը»:
Աստուածային երրորդ Անձին ներգործութեամբ` Մարիամի յղացած ու ծնած Որդին «անուանեց Յիսուս»: Մօր եւ Որդիին օրինաւորութեան ու պաշտպանութեան «ի վերուստ» իրեն վստահուած պարտականութեան միշտ հաւատարիմ եւ բծախնդիր` Յովսէփ դարձաւ գլուխը, խնամակալն ու սնուցիչը «Սուրբ Ընտանիքին»:
«Արդար» բառը, Աստուածաշունչին ու հայ մատենագրութեան մէջ, կը նշանակէ «սուրբ»: «Արդար մարդ» տիտղոսուած նշանածը «Կոյսին», արդարեւ, «սուրբ» էր:
Սուրբ Յովսէփ արդար էր, որովհետեւ, առաջին հերթին, «չուզեց վարկաբեկել զինք», Մարիամը, որ «յղի գտնուեցաւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ»:
Երբ կը վարկաբեկես ու կը չարախօսես մէկը, արդար չես եւ սուրբ չես կրնար ըլլալ: Ինքնաբերաբար` ո՛չ այդ «մէկը», այլ միայն անձդ կը շպրտես աստուածասիրութեան եւ
եղբայրասիրութեան ծիրէն դուրս: Նոյնիսկ քրիստոսական ու մարդկայնական չես, քանի «հեռու ես Աստուծոյ արքայութենէն» (Մրկ. 12, 34):
Սուրբ Յովսէփ արդար էր, որովհետեւ անմիջապէս «ըրաւ Տիրոջ հրամայածը» եւ անվերապահօրէն ենթարկեց ինքզինք Նախախնամութեան ծրագիրներուն:
Արդար տնտեսին ու մատակարարին բարեմասնութիւններուն, ինչպէս ալ Տիրոջ «սիրոյ առաջնահերթ ու մեծագոյն պատուիրանը» (Ղկ. 10, 25-28) գործադրողին եւ Աստուծոյ կամակատարին առաքինութիւններուն դիմաց` այլեւս զարմանալու չենք Ս. Յովսէփի ունեցած մեծ ժողովրդականութեան մասին, սկսեալ արդէն Դ. դարէն, որ ծաղկեցաւ Արեւելքի մէջ մինչեւ Է. դարը եւ ուրկէ անցաւ Արեւմուտք:
Առաւել, հոս չմոռնանք այս երկու սուրբգրային, պատմական եւ եկեղեցակրօնական իրողութիւնները: Առաջին` իր ամենասիրելի ու ամենաթանկագին երկու անձերը Աստուած յանձնեց Սուրբ Յովսէփին: Երկրորդ` Մարիամ Սուրբ Կոյսէն ետք, Յիսուսի ամենամօտ անձն էր «Աստուածահայր» վկայեալ ատաղձագործը:
Սուրբ Յովսէփի տօնը հաստատուեցաւ 1479-ին: Անոր ջերմեռանդութիւնը սիրեցին եւ տարածեցին սուրբեր ու ներհայեցողականներ, ինչպէս «համաքրիստոնէական սուրբեր»-էն` Սուրբ Թերեզա Աւիլացի (1515-1582) եւ Սուրբ Փրանսկիսկոս Սալեզ (1567-1622):
Սուրբ Յովսէփ ներկայ է պարականոնին, աւանդապատումին, մատենագրութեան, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան, ճարտարապետութեան ու տպագրութեան մէջ: Անոր անունին եւ առաքելութեան ձօնուած են հասարակութիւններ, եկեղեցիներ, վանքեր ու մատուռներ:
Սուրբ Յովսէփ «Պաշտպան» հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցիին (1870), հայրերուն (1889), գործաւորներուն (1919) եւ ընկերային արդարութեան (1929), ինչպէս ալ` «Մայիս 1-ի Աշխատաւորը» (1955):
«Յովսէփ» եբրայեցերէն բառը, որուն յատուկ անունով ունեցած ենք 144 հայ գործիչներ (Դ.-ԺԹ. դար), կը նշանակէ «յաւելցէ» (Ծն. 30, 24), «Աստուած թող աւելցնէ» ու տայ մեզի Սուրբ Յովսէփի հաւատքը, ընկերսիրութիւնը, հնազանդութիւնն ու լռասիրութիւնը:
Ժամերգութեան համար Սեբաստացի Մխիթար աբբահօր հեղինակած կանոնին «Համբարձի»-ին երկրորդ տունին մէջ կը ծանուցանենք. «Այսօր Կոյս Թագուհին երկնի եւ երկրի զուարճանայ, զի զկոյս փեսայն իւր տեսանէ փառօք առ բազմեալ մերձ իւր ի յերկինս` փառաւորելով զՔրիստոս»:
Վիեննա, Մխիթարեան երէց հայրերը մեզի` երիտասարդ միաբանակիցներուն հինաւուրց աւանդուած այս սլացական աղօթքը փոխանցեցին. «Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ, ձեզի կը յանձնեմ իմ հոգիս»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 23 մարտ 2014







All the contents on this site are copyrighted ©.