2014-03-31 11:25:32

Թրքական ընտրութիւններ. Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը յառաջատար դիրքի վրայ


Թրքական պատկերասփիւռի կայաններ երէկ գիշեր հաղորդեցին, որ ըստ քուէներու աւելի քան 24 առ հարիւրի հաշուարկման արդիւնքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 43¬48 առ հարիւրը: Կուսակցութիւնը նպատակ ճշդած էր քուէներու 2009¬ի 38.8 առ հարիւր համեմատութիւնը կամ աւելին ապահովել:
Երէկ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնք անցեալ յունիսին տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերէն եւ կառավարութիւնը հարուածած փտածութեան գայթակղութենէն ետք առաջին ընտրութիւններն էին:
Ալեքսանտրէթի եւ Ուրֆայի մէջ իրարու մրցակից թեկնածուներու համակիրներուն միջեւ բախումները 8 զոհ պատճառեցին:
Մէկ օր առաջ Պոլսոյ մէջ կառավարութեան զօրակցող եւ կառավարութեան դէմ ցոյցեր տեղի ունեցան:
Էրտողան շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին ակնարկելով իր հակառակորդներուն ըսաւ.«Անոնք բոլորն ալ դաւաճաններ են»` աւելցնելով.«Վաղը քուէարկութեան կեդրոններ գացէք եւ անոնց բոլորին դաս մը տուէք: Անոնց օսմանեան ապտակ մը տանք»:
Էրտողան երէկուան ընտրութիւններուն թեկնածու չէր, սակայն աշխուժ կերպով մասնակցեցաւ ընտրարշաւին, որովհետեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ քաղաքապետերու ընտրութիւնները օգոստոսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութեան համար կարեւոր քննութիւն մը կը նկատուին:
Նշենք, որ Էրտողան յայտարարած էր, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մէջ պարտութիւն կրելու պարագային պիտի հեռանայ քաղաքականութենէն: Ընտրութիւններուն մասնակցութեան իրաւունք ունին 53 միլիոն քաղաքացիներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.