2014-03-31 10:49:05

Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի բանաստեղծական գրութիւններու
հատորին ներկայացումը


Երկուշաբթի, 31 մարտին, Վատիկանի Ռատիոկայանի կեդրոնական դահլիճին մէջ, տեղի կ'ունենայ , երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի բանաստեղծական գրութիւններու հատորին ներկայացումը։
Վերոյիշեալ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն պատրաստած է լրագրող , գրագէտ Հայր Սանթինօ Սփարա։ Գիրքին ներկայացման կը մասնակցին հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ շարժանկարի եւ լրագողական աշխարհէն, որոնց շարքին՝ Իտալան Ռաի հեռուստատեսիլի պաշտօնեալյ Ռոսաննա Վաուտէթի ինչպէս նաեւ դերասան Մասսիմօ Տափփորթօ, որ գիրքին ներկայացման ընթացքին պիտի կարդայ շարք մը բանաստեղծական հատուածներ։
Նշենք, թէ հանրածանօթ Հայր Սանթինօ Սփարա երեք անգամ մրցանակներ ստացած է՝ Իտալիոյ նախարարաց նախագահական խորդուրդի կողմէ։
Իր այս հատորին մէջ Հայր Սփարա, հրատարակած է ՅՊԲ Քահանայապետի բոլոր բանստեղծական գործերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.