2014-03-31 11:24:56

Եազիժի Պատրիարքը ընդունեց արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարները


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ, շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին դիմագրաւած լուրջ վտանգը այս կամ այն երկրին կամ խմբաւորումին գոյութեան պատճառով չէ, այլեւ` որոշ մտայնութեան եւ ուրիշին հաւատքը դրժելու պատճառով: Ան աւելցուց, որ նման մարտահրաւէրի մը դէմ կարելի է պայքարիլ պայծառամտութեամբ, ինչպէս նաեւ առաքելութիւնը շարունակելով, այնպիսի առաքելութիւն մը, որ լիբանանցիին փոխանցուած է պատգամի երկիր Լիբանանէն:
Պասիլ հաստատեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Եազիժի պատրիարքին փոխանցուած է, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն կատարել իրենց պարտականութիւնը` Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու առումով







All the contents on this site are copyrighted ©.