2014-03-29 09:27:21

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ունկնդրութիւնը ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութեան անդամներուն։


''Երջանիկ եմ, որ Հռոմի Պապը, այս աննախընթաց ուկնդրութեան շնորհիւ համայն աշխարհին պիտի ճանչցնէ մեր առօրեայ իրավիճակը'' յայտարարած է գերմանական համր-խուլ ընկերկցութեան անդամ` Ճակոբ Պատ։
29 մարտ 2014ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն կը շնորհէ համր-խուլ ախտէ տառապող 6000 անհանտներուն որոնք մաս կը կազմեն ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութեան եւ որ Վատիկան ժամանած են Իտալիայէն, Պարզիլէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Միացեալ նահանգներէն, Անգլիայէն եւ Մալթայէն։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8.30-ին աղօթքով ո ապա նեարկայացուեցան անձնական վկայութիւններ։ Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան սրահ կը ժամանէ 12,15-ին ու ներկաներուն հետ հանդիպումի ընթացքին խորհդածութիւն մը կը ներկայացնէ։
Յայտնենք թէ ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութիւնը հիմնուած է 1849-ին, Իտալիոյ Պոլոնիա Քաղաքաին մէջ, Աստուծոյ Ծառայ գերապայծառ Ճուզեփփէ Կուալանտայի ջանքերով։ Հաստատութիւնը ներկայ է զանազան երկիրներու մէջ ու անոր կէտնպատակն է մարդկային եւ ընկերային զարգացումը եւ խուլերու աւետարանացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.