2014-03-29 10:54:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''ապաշխարութեան արարողութեան'' ընթացքին արտասանած քարոզը։


Ուրբաթ, 28 մարտին յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի տաճառին մէջ գլխաւորեց ապաշխարութեան արարողութիւնը։ Սոյն արարողութիւնը սկիզբ տուաւ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ձեռնարկին՝ կազմակերպուած Նոր Աւետարանացումի Քահանայապետական խորհուրդին կողմէ։
Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզի մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Քառասնորդաց շրջանին, Եկեղեցին, յանուն Աստուծոյ կը վերանորոգէ իր կոչը՝ դարձի գալու։ Դարձի գալ ոչ միայն որոշ ժամանակի մը համար այլ՝ բոլոր կեանքին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը ''Յովհ 1, 8-9'' ըսաւ. Աստուծոյ խօսքերուն մէջ կը տեսնենք երկու էական տարրեր քրիստոնեայ կեանքին համար։
Առաջին. Նոր մարդը, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն, կը վերածնի մկրտութեան մէջ, որով կ՛ընդունինք Աստուծոյ միեւնոյն կեանքը, որ մեզ իր զաւակները կը դարձնէ ու մեզ անդամակից կը դարձնէ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։ Այս նոր կեանքը մեզի հնարաւորութիւնը կ'ընծայէ իրականութիւնը դիտելու տարբեր աչքերով, առանց որ անարժէք եւ ժամանակաւոր բաները մեր ուշադրութիւնը գրաւեն։ Ասոր համար կանչուած ենք թողելու մեղքի վարմունքը ու մեր հայեացքը ուղելու՝ էականին։
Երկրորդ տարրը - ըսաւ Սրբազան Հայր - սիրոյ մէջ մնալն է։ Քրիստոսի Սէրը յաւիտենական է, երբեք վէրջ չ՛ունի, որովհետեւ նոյնինքն Աստուծոյ կեանքն է։ Այս Սէրը, կը յաղթահարէ մեղքին եւ կ'ընծայէ ուժը վերականգնելու եւ վերսկսելու, որովհետեւ ներողամտութեամբ՝ սիրտը կը վերանորոգուի եւ երիտասարդ կը դառնայ։
Ամէնքս գիտենք, թէ Մեր երկնաւոր Հայրը երբեք չի յոգնիր սիրելէ, եւ երբեք, Անոր աչքերը չեն դադրիր նայելէ տուն վերադարձի ճանապարհը, սպասելով որ տունէն հեռացած կամ կորսուած զաւակը վերադառնայ։
Խօսքը աւարտելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. ''24 ժամ Տիրոջ հետ'' ձեռնարկին, կը մասնակցին աշխարհի զանազան թեմեր։ Անոնց որոնց կը հանդիպիք, հաղորդեցէք Աստուծոյ ներումը ընդունելու, Անոր հետ լրիւ բարեկամութիւնը վերագտնելու ուրախութիւնը։ Անոնց ըսելու էք թէ մեր Հայրը մեզ կը սպասէ, ու մեզ յանդիմանելու փոխարէն մեզ կը ներէ եւ խրախճանք կը սարքէ։ Այս է մեր Հայրը ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները այս ներումի եւ ողորմութեան փորձառութիւնը փոխանցելու ուրիշներուն եւ Աստուծոյ ուրախութեան մէջ տօնախմբելու Սուրբ Զատիկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.