2014-03-29 09:10:17

Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին հետեւանքով ցայժմ կործանած են 98 եկեղեցիներ եւ 1.900 մզկիթներ։


Սուրիոյ զինեալ ընդհարումներու սկիզբէն մինչեւ այսօր, ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ կործանած են կամ վնասած ու թալանած են 98 եկեղեցիներ եւ 1.900 մզկիթներ, յայտարարած է Մոսկուայի մօտ հաւատարմագրուած Սուրիոյ դեսպանը` տիար Ռիատ Հատտատ, Մուսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Այդ թիւերուն աւելցնելու է կործանումը 1.600 դպրոցներու եւ երկրի հիւանդանոցներու` 60 առ հարիւրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.