1 Առակ մըն ալ ըսաւ
անոնց, որ [գիտնան] թէ պէտք է ամէ՛ն ատեն աղօթել` առանց ձանձրանալու: 2 Ըսաւ. «Քաղաքի
մը մէջ դատաւոր մը կար, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդ չէր յարգեր: 3 Նոյն քաղաքին
մէջ այրի մըն ալ կար, որ կու գար անոր եւ կ'ըսէր. “Պաշտպանէ՛ իմ իրաւունքս` ոսոխիս [դէմ]”: 4
Ան ժամանակ մը չէր ուզեր [անոր մտիկ ընել]. բայց յետոյ ըսաւ ինքնիրեն. “Թէպէտ Աստուծմէ
չեմ վախնար ու մարդ չեմ յարգեր, 5 գո՛նէ պաշտպանեմ այս այրիին իրաւունքը` զիս անհանգստացնելուն
համար, որպէսզի չգայ ամէն ատեն թախանձէ ինծի”»: 6 Եւ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ'ըսէ
անիրաւ դատաւորը: 7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք
կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ: 8 Կը յայտարարեմ
ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք
պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»: 9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին
թէ արդար են, եւ կ'անարգէին ուրիշները. 10 «Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու,
մէկը` Փարիսեցի, ու միւսը` մաքսաւոր: 11 Փարիսեցին կայնած էր եւ սա՛պէս կ'աղօթէր ինքնիրեն.
“[Ո՛վ] Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ` որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող,
կամ ալ այս մաքսաւորին պէս. 12 [հապա] շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, եւ ամբողջ
*եկամուտիս տասանորդը կու տամ”: 13 Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր
աչքն ալ բարձրացնել երկինք, հապա` ծեծելով իր կուրծքը` կ'ըսէր. “Աստուա՛ծ, *ներէ՛ ինծի`
մեղաւորիս”: 14 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ասիկա [այն] միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր
տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք` պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ
ինքզինք` պիտի բարձրանայ»: