2014-03-29 12:00:46

Կարտինալ Քիւրդ Քոխ այցելեց Անթիլիասի մայրավանքը


Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քոխ, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Քաչիայի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ փոխ-յարաբերութիւնը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործունէութիւնը, եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնները եւ ընդհանրապէս եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս: Արամ Ա. Կաթողիկոսը յիշեալ հարցերուն գծով իր անձնական փորձառութենէն լոյսին տակ, եւ մօտէն ծանօթ ըլլալով միջ-եկեղեցական աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, իր տեսակէտները ու մտահոգութիւնները պարզեց: Կարտինալ Քոխ եւս անդրադարձաւ նոյն մարզին առնչուած կարգ մը երեւոյթներու ու շեշտեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական շարժումին նկատմամբ ունեցած յանձնառութիւնը:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ հին դարերէն սկսեալ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան ու գործակցութեան, որ աւելի շեշտուած էր Կիլիկեան շրջանին: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ մեր եկեղեցւոյ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայական, ոչ միայն միջազգային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ, շրջանային ու տեղական:
Պապական Նուիրակին ներկայութիւնը առիթ մը եղաւ որ խօսակցութեան ընթացքին նաեւ արծարծուին լիբանանի այժմու կացութիւնը ու մասնաւորաբար յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակաշրջանին նոր նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.