2014-03-29 10:04:56

Լիբանան։ Միջդպրոցական ''Հրանդ Տինք'' շարադրութեան Դ մրցումի մրցանակաբաշխութիւն Տինքի փաստաբան` Էրտալ Տողանի ներկայութեամբ։


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, երէկ` Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Դ. Մրցանքի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, ներկայութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրով Լիբանան ժամանած Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողանին եւ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեանին, մրցումի դատականկազմի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Աննա Քրիսթինա Գոլանճեան, որ ըսաւ. «Մեր պահանջատիրութիւնը կանք պիտի չառնէ ու մեր ժողովուրդին կանչերը պիտի չդադրին, որովհետեւ Տինքին արեան կաթիլներուն հետքերով նոր տինքեր պիտի ծնին ու պիտի շարունակեն փշոտ ուղին: Նորերը պիտի գան ու Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման ի խնդիր պիտի պայքարին մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:»
Ապա ներկաները դիտեցին Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ դատական կազմի անդամ պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, որ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանին նախաձեռնութիւնը: Պրն. Դանիէլեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի մասնակցող 13 վարժարաններուն կը միանան լիբանանահայ բոլոր վարժարանները, որովհետեւ մրցումը ամբողջովին օգտակար է եւ դաստիարակիչ: Մրցումին բնոյթն ու դատական կազմին արժեւորման աշխատանքներուն ընթացքը ներկայացնելէ ետք, պրն. Ժիրայր Դանիէլեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները կը շարունակեն գրել, Տինքին նման կ՛ուենան խիզախութիւն եւ քաջութիւն:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով մեսրոպեանական Համբարձում Յովսէփեան նուագեց կիաթոռվ, որմէ ետք «Հրանդ Տինք» շարադրութեան անդրանիկ մրցումի մրցանակակիր Ալիք Գանտահարեան ընթերցեց իր ուղերձը, որուն մէջ արժեւորեց շարադրութեան մրցումը, որուն ճամբով ինք ծանօթացած էր Տինքին արժէքին եւ ներդրումին:
Իր կարգին, խօսք առաւ Տինքի փաստաբան մեթր Էրտալ Տողան, որ ներկայացուց Տինքին արժէքներն ու նկարագրային յատկանիշները: Ան ըսաւ. «Բոլորս Հրանդին ուղիին հետեւելով հանդարտութեամբ պայքարը կը շարունակենք, որպէսզի վերականգնենք Տինքի ժողովուրդին արդար իրաւունքները: Հրանդ Տինքեր սպաննելով գործը կիսատ պիտի չմնայ, քանի որ նոր տինքեր պիտի շարունակեն»:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ մեսրոպեանական Կարինէ Ներսէսեանի կատարուղութեամբ Տինքին նուիրուած երգի կատարումով, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ: Վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, դատական կազմի անդամներուն` պրն. Շահան Գանտահարեանին, պրն. Սարգիս Նաճարեանին եւ պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին, մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, որոնց հաւաքական ճիգերով չորրորդ տարին ըլլալով կ’իրականանայ նախաձեռնութիւնը: Պրն. Գալուստ ըսաւ, որ այնքան ատեն, որ հայ աշակերտները Տինքով կը տոգորուին, ապա հայութիւնը պիտի վերատիրանայ իր իրաւունքներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի ստանայ արդար հատուցում:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Դ. Մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին հանդիսացաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Արենի Խաչատուրեան, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը հերթաբար գրաւեցին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Հայկ Թապաքեանը եւ Հայ Աւետարական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն Սէրլի Տէրտէրեանը: Մրցանակակիրները ստացան տնօրէնութեան կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ հեղինակներու եւ հրատարակչատուներու կողմէ տրամադրուած գիրքեր: Յայտնենք, որ առաջին հանդիսացող վարժարանը նաեւ ստացաւ մրցումին նշանակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.