2014-03-29 11:01:36

Ե. Կիրակի Քառասնորդաց
Ղուկ. ԺԸ, 1-14


RealAudioMP3 Աստուծմէ որեւէ շնորհք ստանալու համար`զայն խնդրելու ենք աղօթքի միջոցաւ: Բայց լաւ աղօթքին յատկութիւններէն մէկն է` յարատեւութիւնը, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Աւետարանը. « միշտ պէտք է աղօթել ու բնաւ չվհատիլ»: (Ղուկ 18, 1)
Յիսուս` աղօթքի յարատեւութիւնը իր ունկնդիրներուն բացատրելու համար, անիրաւ դատաւորին առակը պատմեց: Դատաւորը չէր ուզեր կնոջ դատը տեսնել, գուցէ անոր համար որ մեծ շահ մը չէր կրնար սպասել իրմէ: Այսպէս կը վարուէր խեղճ կնոջ հետ, որովհետեւ ոչ Աստուծմէ կը վախնար, եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնար: Այսուհանդերձ, մէկ անգամ ցմիշտ ազատելու համար, անիրաւ դատաւորը վերջապէս կ՛որոշէ կատարել այրի կնոջ կամքը:
Աստուածային Վարդապետը կ՛եզրակացնէ թէ եթէ անօրէն դատաւորը, որ անիրաւ ըլլալով հանդերձ` տեղի կու տայ կնոջ պաղատանքին, որչափ պէտք է անկնկալել Աստուծմէ, մեր ամենաբարի հօրմէն որ երկինքն է: Աղօթքը մեր հոգւոյն շնչառութիւնն է, ամէն րոպէ կը կարօտինք Աստուծոյ օժանդակութեան: Հետեւաբար, հարկաւոր է մշտատեւ աղօթքը առ Աստուած, որովհետեւ ով որ կը յարատեւէ բանի մը մէջ` կը հասնի իր կէտ նպատակին: Աղօթել առանց վհատելու կը նշանակէ մենք մեզ միշտ Աստուծոյ մօտ զգանք, ինչպէս նաեւ վայելել անոր մշտական ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, մեր արօրեայ գործերուն ընդմէջէն:
Յիսուս, ուրիշ առակ մըն ալ պատմեց անոնց համար, որոնք իրենց կեանքի մէջ համարումը ունին թէ արդար են եւ ուրիշները կ՛առհամարէն: Յիսուս կ՛ըսէ թէ երկու մարդիկ տաճար գացին աղօթելու. մէկը` փարիսեցի, միւսը` մաքսաւոր: Փարիսեցին կը ներկայացնէ հրեայ ժողովուրդը որ կը հաւատար թէ Մովսիսական օրէնքներու գործադրութեամբ կրնար արդարանալ, իսկ մաքսաւորը կը ներկայացնէ այն մարդիկը որ միշտ կը ցանկան ու կը փնտռեն փրկութիւնը: Փարիսեցին կը ներկայացնէ անզիղջ եւ անապաշխար մարդիկը, իսկ մաքսաւորը` զղջացող ու ապաշխարող մարդիկը: Փարիսեցին կեղծաւոր մըն է, եւ կեղծաւորին համար բարեպաշտ երեւելու կամ ձեւանալու լաւագոյն տեղը տաճարն է, եկեղեցին է: Փարիսեցին, Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած` ինքզինքն էր որ կը գովէր. իր գործերուն մասին էր որ կը պատմէր. փարիսեցին իր ձեւական աղօթքին մէջ ո՛չ մէկ բան խնդրեց Աստուծմէ, եւ իր վերաբերմունքով կարծէք ըսել կ՛ուզէր թէ ինք ինքնաբաւ էր, պէտք չունէր Աստուծոյ օգնութեան: Փարիսեցին ինքնահաւան էր, եւ ինքնահաւան մարդը չի տեսներ ուրիշին արժէքն ու կարողութիւնները: Փարիսեցին արդար էր, բայց ափսոս հպարտ էր, իսկ մաքսաւորը մեղաւոր էր բայց հեզ ու խոնարհ: Մաքսաւորը իր աղօթքով սորվեցուց մեզի թէ ան որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ` Աստուած զինք պիտի բարձրացնէ: Ան իր վերաբերմունքով սորվեցուց մեզի, որ պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր մեղքերը մեզ հեռու պահեն Աստուծմէ, կամ արգիլեն որ մենք անոր ողորմութիւնը խնդրենք, այլ պէտք է միշտ ակնկալութեամբ եւ յոյսով դիմենք Տիրոջ: Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Մաքսաւորը չհամարձակեցաւ վեր նայելու, որովհետեւ իր խիղճը զինք դէպի վար կը ճնշէր. իր յոյսը սակայն, զինք դէպի վեր բարձրացուց»:
Այս բացատրութիւնը կ՛աւարտենք Մեծն Կիւրեղի խօսքով` ուղղուած փարիսեցիին. «Ո՛վ փարիսեցի, սանձ դի՛ր լեզուիդ: Դուն ամէն բան գիտցող Աստուծոյ հետ է որ կը խօսիս: ... Խոնարհի՛ր քու հպարտութենէդ, որովհետեւ հպարտութիւնը ատելի է Աստուծոյ համար»: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.