2014-03-28 13:07:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումի դասընթացքի մասնակցողները։


Ուրբաթ, 28 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումի դասընթացքի 600 մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց մատուցած ծառայութեան մէջ։ Ան ապա ներկայացուց ապաշխարութեան մասին երեք խորհրդածութեան նիւթ` առաջինը –ըսաւ Քահանայապետը – այն է թէ ապաշխարութեան խորհուրդի դերակատարը նոյնինքն Սուրբ Հոգին է։ Ապաշխարութեան խորհւրդի ներումը Յարուցեալ Քրիստոսի մեզի փոխանցած նոր կեանքն է, Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։ ''Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին. Անոնց որոնց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնց մեղքերը կապէք` պիտի կապուին։ Ասոր համար –ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – դուք կանչուած էք ըլլալու ''Սուրբ Հոգիի մարդիկ'', վկաներ եւ Յիսուսի Յարութեան աւետիսը հռչակողներ։
Քահանան ընդունելու է ապաշխարողը ոչ թէ դատաւորի մը հանգամանքով եւ ոչ ալ բարեկամի մը վարուելակերպով այլ Աստուծոյ ողորմութեամբ, այն Հօր սիրով որ իր որդւոյն դարձը կը սպասէ ու անոր կ՛ընդառաջէ։
Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ քահանայ մը որ ապաշխարութեան խորհուրդի կարեւորութիւն չի տար կը նմանի այն Հովիւին որ իր կորսուած ոչխարներուն հոգ չի տանիր։ Ողորմութիւնը աւետարանի սիրտն է։ Այն բարի աւետիսն է ուր կը յայտնուի Աստուծոյ սէրը մեզի մեղաւորներուս հանդէպ։ Ասոր համար խոստովանահայրերը պէտք են մարդկայինութիւն ցուցաբերել։ Խոստովանանքը դատարան մը չէ այլ ներումի եւ ողորմութեան փորձառութիւն մը – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա յորդորեց որ թեմերու եւ ժողովրդապետութիւննեու մէջ ապահովուի ''ապաշխարութեան խորհուրդի'' մատակարարումը, որպէսզի հաւատացեալները կարելիութիւն ունենան մօտենալու այս խորհուրդին։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց բոլոր ներակերը յանձնելով Աստուածամօր Հովանիին ու անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.