2014-03-28 10:34:44

Ասատ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 27 մարտին ընդունեց Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Սամուէլ Ֆարմանեանի գլխաւորութեամբ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, պատուիրակութեան անդամները Սուրիոյ նախագահին փոխանցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ բերանացի պատգամը, որուն մէջ նախագահը իր եւ հայ ժողովուրդին անունով դատապարտած է Լաթաքիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ Թուրքիոյ նեցուկով ի գործ դրուող ահաբեկչական յարձակումները:
Ասատ զգուշացուցած է Արեւմուտքի եւ շրջանի կարգ մը երկիրներուն աջակցութեամբ եւ նեցուկով ծայրայեղական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկչութեան վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մասնատել պատմական արմատներ ունեցող, բազմամշակութային եւ ընկերային տարբեր շերտերէ բաղկացած շրջանը:
Հանդիպման ընթացքին հայկական պատուիրակութեան անդամները հաստատած են, որ ամբողջական կերպով կ՛աջակցին Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան վերահաստատման եւ Քեսապի ու սուրիական այլ շրջաններու բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու: Անոնք վստահութիւն յայտնած են այն մասին, որ Սուրիա պիտի շարունակէ մնալ համակեցութեան եւ ազգային միաբանութեան օրինակ` իր բոլոր զաւակներուն միջեւ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի հետ, որ նշած է, թէ շատ կարեւոր է խորհրդարանական մակարդակով ջանքերու միաւորումը` հաւատադրժող եւ ծայրայեղ շարժումներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով:
Իրենց կարգին, հայկական պատուիրակութեան անդամները դիտել տուած են, որ դրացի պետութիւնները պէտք է դրական դերակատարութիւն ունենան եւ նեցուկ կանգնին Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման հասնելու համար, եւ ոչ թէ հակառակը:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքի եւս հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ. ան հաստատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը հետամուտ ու նախանձախնդիր է իր քաղաքացիներուն ապահովելու ամէն տեսակի կենցաղային անհրաժեշտութիւններ եւ ծառայութիւններ: Ան հաստատած է, որ սուրիահայութիւնը սուրիացի ժողովուրդին մէկ կարեւոր եւ հիմնական բաղադրիչն է, որ արժանի է ամէն տեսակ յարգանքի, գնահատանքի, որովհետեւ սուրիահայերը մեծապէս օժանդակած են իրենց երկրին զարգացման ու ամրապնդման:
Հայկական պատուիրակութեան անդամները դատապարտած են Քեսապի մէջ տեղի ունեցած տեղահանութիւնը եւ ոճրագործութիւնը, որոնք ի գործ կը դրուին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան նեցուկը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.