2014-03-28 09:06:36

Ամուսնալուծումը եւ անոր հետեւանքները


RealAudioMP3 Ամուսնալուծումը ամուսնական անհաւատարմութեան արդիւնքներէն մին է: Երբ զույգերէն մին կամ երկուքը կը զգան, թէ իրենց անձնական երջանկութիւնն ու սէրն այլեւս անհնար է այդ ամուսնական կեանքին համար, ամուսնալուծման կը դիմեն: Երբեմն ամուսնալուծումը ընտանեկան կեանքի ախտէն դուրս գալու միակ ելքն է:
Ապահարզանը նաեւ արդիւնք է այն պարագաներուն, երբ անուսիններն իրենց անձնական քմահաճոյքը, կամքը եւ ցանկութիւնները վեր կը դասեն ընտանիքի շահերէն:
Ամուսնալուծման հիմնական պատճառները կրնան հանդիսանալ թմրամոլութիւնը, հոգեբանական ու ֆիզիքական բռնութիւնը, ամուսնական դաւաճանութիւնը, ընդհանուր հետաքրքրութիւններու բացակայութիւնը կամ անտարբերութիւնը երեխայի ծնունդէն ետք, ամուսնական կեանքի դերերու ու պարտականութիւններու բաշխման հետ կապուած դժգոհութիւնները, ֆինանսական, կենցաղային խնդիրներ, երեխաներու բացակայութիւնը (ամուսիններու ոեւէ մեկու երեխայ ունենալու անկարողութիւնը, անպտղաբերութիւնը), ծնողներու կամ այլ բարեկամներու անտեղի միջամտութիւնները ամուսիններու ընտանեկան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր ֆիզիքական յարաբերութեան բացակայութիւնը:
Յաճախ ամուսնալուծման դիմելու որոշումը կ՛ուշանայ զանազան պատճառներու համար, եւ ասիկայ դրական կէտ մըն է: Ուշանալու որոշումին գլխաւոր պատճառները հետեւեալներն են` Ընկերներու եւ բարեկամներու մեղադրանքը, երեխաներու համար երկու ծնողներու անհրաժեշտութիւնը, միայնակութեան եւ առանձնութեան վախը, ինքնուրոյն բաւականաչափ գումար վաստակելու անկարողութիւնը, եւ տարիքի բերմամբ խոչընդոտներ:
Ամուսնալուծման ընթացքին ամուսինները կարող են տարբեր հույզեր ապրիլ, այսինքն` վախ, տխրութիւն, բարկութիւն, վրէժխնդիր ըլլալու զգացումը, յուսահատութիւն, եւն:
Ամուսնալուծուող ծնողները յաճախ անհանգստութիւն կը պատճառէն իրենց երեխաներուն վրայ, մանաւանդ եթէ երեխաները սխալ զգացում ունենան թէ իրենք են պատճառը ապահարզանին: Ծնողները պէտք է տեղեակ ըլլան իրենց երեխաներուն մօտ զարգացող անհանգստութեան: Ի պատասխան ամուսնալուծման` փոքր երեխաները իրենց վերաբերմունքը ամուսնալուծման նկատմամբ կարող է դառնալ աւելի վտանգաւոր եւ անհնազանդ կամ, ընդհակառակը, աւելի ինքնամփոփ: Աւելի մեծ երեխաները կրնան թախիծի եւ կորուստի զգացում ունենալ: Անոնց ուսումը կարող է տուժել, եւ յաճախ կրնան յառաջանալ վարքի հետ կապուած խնդիրներ:
Երեխաները յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպին նոր յարաբերութիւններ հաստատելու պարագային, ինչպես նաեւ կ՛ունենան ինքնահաստատման հետ կապուած խնդիրներ:
Երեխաներու համար լաւագոյն տարբերակն է, երբ անոնք գիտակցին, որ իրենց հայրն ու մայրը, միեւնույն են, իրենց ծնողներն են եւ կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն իրենցով զբաղիլ, չնայած որ անոնց ամուսնութիւնը վերջ գտած է, եւ անոնք միասին չեն ապրիր: Խնամակալութեան հարցերու հետ կապուած երկար վիճաբանութիւնները կամ երեխային նկատմամբ ճնշում գործադրելը, որպէսզի ան անցնի ծնողներէն մեկուն կողմը կրնայ կործանարար ըլլալ եւ մեծցնել երեխային հասած ամուսնալուծման վնասը:
Չնայած ամուսնալուծման պատճառներու բազմազանութիւնը եւ օրէնքը, սակայն ան մարդկութեան հանդէպ մեծ ցաւ եւ վնաս մըն է, մանաւանդ անոնց համար, որոնք կը տեսնեն իրենց ամուսնական վսեմ երազներուն կորուստը, եւ այս պատճառի համար Եկեղեցին ամուսնալուծումը կը նկատէ որպէս «ցաւալի վէրք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.