Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան պաշտօնական յայտագիրը։
Հինգշաբթի, 27 մարտին, Սուրբ Աթոռի գրասենեակը հրատարկեց` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին,
յառաջիկայ 24 – 26 մայիս, Սուրբ Երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը`
Պօղոս Զ. եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50րդ տարեդարձին
առթիւ։ Շաբաթ 24 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի
ժամը 8,15-ին, եւ Ամմանի ''Քուին Ալիա'' օդակայան կը ժամանէ տեղական ժամը 1-ին։ Ժամը
13,45-ին Ամմանի Արքայական պալատի մէջ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն
ի ներկայութեան Յորդանանի Թագաւորին եւ Թագուհիին։ Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս
Պապը հանդիպում կ՛ունենայ Յորդանանի Թագաւորութեան իշխանութիւններուն հետ, անոնց ուղղելով
ճառ մը ապա յետմիջօրէի ժամը 4-ին Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ Նորին Սրբութիւնը
կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ու երեկոյեան կ՛այցելէ Ամմանի մէջ ապաստանած
սուրիացի գաղթականները։ Կիրակի 25 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ
Ամմանէն եւ ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Բեթղեհէմ ուր կը ժամանէ 9,20 անց եւ 9,30-ին նախագահական
պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ` բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը
ապա կը հանդիպի Պաղեստինի նախագահին ու պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով
ճառ մը։ Ժամը 11-ին Բեթղեհէմի Քարայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ սուրբ պատարագ ու ապա Մարեմեան
կիրակնօրեայ աղօթքը։ Պաղեստինցի ընտանիքներուն հետ բաժնեկցելէ ետք սիրոյ ճաշը, Ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Բեթղեհէմ Քարայրը ու ապա կը հանդիպի պաղեստինեան
փախստականներու ճամբարներու մանուկներուն որուն աւարտին Սրբազան Հայրը միշտ ինքնաթիռով
կ՛ուղղուի Թէլ Ավիւ ուր կը ժամանէ 16,30ին եւ ուր տեղի կ՛ունենայ երրորդ բարի գալուստի
արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով կ՛ուղղուի
Երուսաղէմ ուր երեկոյեան ժամը 18,15-ին առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական
Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հետ եւ ուր նախատեսուած է միացեալ յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը։
Ժամը 7-ին, Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի
50րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի կ՛ունենայ համամիութենական հանդիպում, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս
Պապը ճառ մը կ՛արտասանէ։ Ճամբորդութեան վերջին օրը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպումներ
կ՛ունենայ Երուսաղէմի Մուֆդիին հետ, ապա կ՛այցելէ Երուսաղէմի պատը, Եատ Վաշեմի յուշարձանը,
Իսրայելի երկու Ռաբունապետերը եւ Իսրայելի նախագահն ու վարչապետը։ Յետմիջօրէին Նորին
Սրբութիւնը առանձական հանդիպում կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս
Ա.ին հետ ու ապա կը հանդիպի Երուսաղէմի կղերական դասին։ Ժամը 17,20-ին Ան կը գլխաւորէ
Սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Սուրբ Երկրի Առաջնորդներուն։ Երեկոյեան
Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ սուրբ Երկրէն եւ Թել Ավիւի օդակայանէն մեկնելով կ՛ուղղուի
Հռոմ ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 11-ին։