2014-03-27 11:38:35

Մատակասկարի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


27էն 29 մարտ 2014, Մատակասկարի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 22 անդամները կը ժամանեն Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Վատիկան կեցութեան ընթացքին Մատակասկարի եպիսկոպոսները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ Վատիկանի վերին իշխանութեան զանազան Ժողովներու եւ խորհուրդներու պատասխանատուներուն հետ։
Յայտնենք թէ Մատակասկարի բնակչութեան 20 առ հարիւրը կաթողիկէ են, 23 առ հարիւրը փողոքական իսկ 7 առ հարիւրը իսլամ, մինչ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ''ոգեպաշտ'' կրօններու կը պատկանի։
Մատակասկարի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 5 Արքեպիսկոպսութիւններ եւ 17 թեմ։ Համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Տէզիրէ Թսարահազանա, իսկ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Էուժէն Մարդին Նուկէնդ։
Մատկասկարի Կաթողիկէ Եկեղեցին նկատուած է աղքատներու ի սպաս աղքատ Եկեղեցի մը որուն հովուական գլխաւոր գործունէութիւնը կեդրոնացած է ''երիտասարդներու հովուական առաքելութեան'' վրայ։
Կաթողիկէ Եկեղեցին, միւս քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն հետ միասին յանձնառու է ազգային հաշտութեան եւ Երկրի խաղաղութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.