2014-03-27 13:39:40

''Լէճօ Մարիէ – Մարիամի Լէկիոն'' Մարեմեան շարժումը կը ճանչցուի որպէս եկեղեցական ''հաւատացեալներու ընկերակցութիւն''։


Հինգշաբթի, 27 մարտ 2014ին, Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղար` Գերապայծառ Ժոզէֆ Քլէմէնս ներկայացուց ''Լէճօ Մարիէ – Մարիամի Լէկիոն'' շարժումի` Սուրբ Աթոռի կողմանէ ճանաչման՝ վաւերագիրը։
''Լէճօ Մարիէ – Մարիամի Լէկիոն'' շարժումը ծնունդ առած է Իրալնտայի Տուպլին քաղաքին մէջ, 1921 թուականին, հաւատացեալներու փոքրիկ խմբակէ մը առաջնորդութեամբ Ֆրանք Տաֆի, որ Ֆինանսական նախարարութեան մէջ պաշտօնեայ մըն էր, եւ որ ապա վարած է Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարարին քարտուղարի պաշտօնը։
93 տարիներու ընթացքին Լէճօ Մարիէ ընկերակցութիւնը աճ արձանագրած է աշխհարի զանազան երկիրներուն մէջ իր առաքելութիւնը հիմնելով Մարեմեան հոգեւորականութեան վրայ։ Լէճօ Մարիէ ընկերակցութեան առաջնակարգ նպատակն է, զօրակցիլ եւ մասնկացիլ եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ծառայելով կարիքաւորներուն եւ անոնց որոնք հեռացած են իրենց հաւատքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.