2014-03-27 12:36:39

Իտալացի երեսփոխաններուն ներկայութեամբ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ` ''դժուար է որ կաշառառու մը ետ քայլ ընէ. Մինչ մեղաւորի համար աւելի դիւրին է'' ։


Հինգշաբթի, 27 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագը, ներկայութեամբ 493 Իտալացի երեսփոխաններուն։
Նորին Սրբութիւնը, պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. ''Յիսուսի ժամանակ՝ կը գտնուէին քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք հեռացած էին ժողովուրդէն, ու ժողովուրդը լքելով կը հետեւէին իրենց գաղափարախօսութեան, զոհ դառնալով կաշառակերութեան։ Անոնք իրենց ուժերը կը սպառէին անձնական շահերու եւ ներքին պայքարի համար եւ ասոր համար երբ Մեսիան կը հանդիպի անոնց չեն ճանչնար զինք, ընդհակառակը՝ Զինքը կ՛ամբաստանեն որպէս ''սատանաներու շարքին բուժող մը''։
''Այս է Աստուծոյ ցաւը'', շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ այս իրողութիւնը կը շարունակուի` Աստուծոյ հանդէպ կուրութիւնը, յատկապէս քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ։ Ժողովուրդին կարծր սիրտը՝ ժամանակի ընթացքին աւելի կարծրացաւ, զանոնք մատնելով անկարողութեան՝ լսելու Տիրոջ ձայնը, եւ մեղքին մէջ իյնալով դարձան կաշառառուներ։
Շատ դժուար է - ըսաւ Սրբազան Պապը - որ կաշառառու մը ետ քայլ մը ընէ. Մինչդեր՝ մեղաւոր մը ՝ Այո, որովհետեւ մեր Տէրը ողորմած է եւ մեզ բոլորիս կը սպասէ։
Իր քարոզը եզրափակելով Սրբազան Հայրը ըսաւ .''Քառասնորդաց շրջանը մեզ կը յիշեցնէ ,թէ Աստուած բոլորիս կը սիրէ եւ պէտք ենք բացուիլ Անոր։ Լաւ է որ այս ժամանակաշրջանի ընթացքին ընդառաջենք Աստուծոյ Սիրոյ հրաւէրին։
Աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի Ան մեզի պարգեւէ շնորհքը ընթանալու փրկութեան ճանապարհին վրայ, եւ բացուելու փրկութեան, որ միայն Աստուծմէ եւ հաւատքէն յառաջ կու գայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.