2014-03-27 11:28:19

Թուրք մտաւորականներ եւ քաղաքագէտներ կը քննադատեն Քեսապի հարցով Անգարայի դիրքը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ սահմանամերձ ու մեծամասնութեամբ հայաբնակ Քեսապի վրայ կատարուած վերջին յարձակումը, որուն հետեւանքով քեսապցիները ստիպուեցան խոյս տալու քաղաքէն, կը շարունակէ մտահոգել Թուրքիոյ բազմաթիւ յառաջապահ մտաւորականները, որոնք հարց կու տան, թէ Թուրքիա որքա՞ն պատասխանատուութիւն ունի Քեսապի վրայ «Քայիտա»ի ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած յարձակումներուն մէջ։
Այս մասին լրագրող Հրանդ Գասպարեան, «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէն արձագանգ կը հանդիսանայ կարծիքին թուրք քանի մը յառաջապահ գրողներու ու քաղաքագէտներու, որոնք կը հակազդեն այս խնդիրին մէջ Թուրքիոյ ստանձնած դերին։ Մտաւորականները նախ հարցականի տակ կ՛առնեն Թուրքիոյ այն պնդումը, թէ քանի մը օր առաջ զգետնուած սուրիական օդանաւը անցած էր Թուրքիոյ սահմանը՝ աւելցնելով, թէ օդանաւը շատ հաւանաբար Քեսապը պաշտպանել կը փորձէր:
Հրատարակիչ ու հրապարակագիր Ռակըպ Զարաքօլու դիտել կու տայ, որ «գեղեցիկ Քեսապ»ին մասնայատկութիւնը հայկական ըլլալն է։ «Հոն ապրող հայերը, 1915էն ու 1939էն ետք՝ երրորդ անգամ ըլլալով գաղթական դարձան», կ՛ըսէ ան ու հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ պաշտպան չի կանգնի Քեսապի սահմանին ու կը պահանջէ, որ Թուրքիա շուտով փոխէ Սուրիոյ հարցով իր քաղաքականութիւնը։
Պատմաբան Սայիտ Չեթինօղլու եւս կը գովէ Քեսապի գեղեցկութիւնը՝ ըսելով, որ հոն ինք ունի հայ բարեկամներ, որոնցմէ մէկը պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանն է: Ան մտահոգութիւն կը յայտնէ քեսապցիներու կեանքի պայմաններուն նկատմամբ ու կը պնդէ, թէ Թուրքիայէն գացող ահաբեկիչները կրնան դժոխքի վերածել դրախտային այս քաղաքը։ «Պէտք չէ արտօնուի, որ հայերու դէմ նոր սպանդ մը գործուի», կ՛ըսէ ան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ Սելմա Կիւրքան, Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութիւնը, Ընկերվարական վերակերտումի կուսակցութիւնը եւ նմանօրինակ կազմակերպութիւններ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին եւ կառավարութիւնը մեղադրեցին պատերազմի գրգռութիւն ընելու յանցանքով։ Իսկ քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահի տեղակալ Սարուհան Օլուչ ըսաւ, որ իշխող կուսակցութիւնը պէտք է խզէ դէպի Քեսապ մուտք գործած ահաբեկիչներուն հետ կապերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.