2014-03-27 14:26:47

Ել-մակ ուղղուած Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին
Մինսքի Առաքելական նուիրակ` Քլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կուճերոթթիէն։


Մինսքի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոդդի, ի լուր Քեսապի դէմ գործուած յարձակումին ել-մակ մը ուղղած Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն մէջ իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան։
Կից կը հրատարակենք գերապայծառ Կուճերոթթիի նամակը։


Գերերջանիկ Տէր,
Լուրջ մտահոգութեամբ կ'իմանամ Քեսապի հայերուն ողբերգական իրավիճակի մասին:
Կ'երեւակայեմ որքան տառապանք կը կրէ այս տոկուն, ծաղկուն եւ քաջարի հասարակութիւնը, որ պատմական մեծ արժէք մը ունի եւ որ անմիջականօրէն կախեալ է Ձեր իշխանութենէն:
Ձեր յայտարարութեան խօսքերէն կը յայտնուի հօր եւ հովիւի Ձեր ամբողջ մտահոգութիւնը:
Կ'ուզեմ Ձեզի յայտնել իմ քրիստոնէական եւ մարդկային մօտիկութիւնս, սրտագին եղբայրակցութեամբ միացած, որ կ'արտայայտուի աղօթքի մէջ առ Աստուած, որպէսզի հայերուն խնայէ նոր տառապանքներ, կասեցնէ ձեռքը յարձակողներուն եւ դարձի բերէ անոնց սրտերը, մխիթարէ անոնք, որոնք պատուհասուած են բռնութենէն եւ նեցուկ կանգնի Ձեզի այս դժուարութեան պահուն:

Մեծարանքով Ձերդ՝
+ Քլաուտիօ Կուճերոթթի
Առաքելական Նուիրակ ի Պիելորուսիա
Մինսք, 26 Մարտ 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.