2014-03-26 09:24:13

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Լիբանանի մէջ կայացած ''իսլամ-քրիստոնեայ'' միջկրօնական աղօթքի հանդիպումին առթիւ։ՙ՛


Երեքշաբթի 25 մարտ, տօն Աւետման ս. Կոյս Մարիամին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի միջկրօնական 7-րդ հանդիպումը իսլամ-քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ։ Աղօթքի աւանդական այս հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայր Միկէլ Անժել Կիքսօ` քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի քարտուղարը։Աղօթքի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ժամհուրի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Պէյրութի ս. Յովսէփ համալսարանի եւ Ժամհուր ճեմարանի ուսանողներուն։
Այս առթիւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտինալ Փարոլին` յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, պատգամ մը ուղղեց մասնակցողներուն։ Արարողութեան ընթացքին Վատիկանի Լիբանանու մէջ առաքելական դսեպան` արքեպիսկոպոս Գաչեա կարդաց ֆրանչիսկոոս Քահանայապետին պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ ի տես իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միատեղ հաւաքին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին տակ։ Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին աղօթքը կրկնելով, Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ գրած է`. ''Ձեզի հետ միասին Լիբանանի Տիրամօր կը յանձնեմ այս երկրի բոլոր զաւակները ... Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ այս երկրի բոլոր բնակիչներուն պարգեւէ շնորհքը մնալու արժանաւոր ժառանգորդները իրենց պատմութեան եւ շարունակելու ուժգնօրէն կերտել իրենց հայրենիքր` երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրական ներդաշնակութեան ճանապարհով'։
Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ ձեզ` քրիստոնեայ թէ մահմետական, միասնաբար գործելու խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքին ի խնդիր ու այսպէսով սատարելու անհատներու զարգացումին եւ ընկերութեան բարրօրութեան։ Պատգամի աւարտին Քահանայապետը կը հայցէ ''Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին մայրական բարեխօսութիւնը, որպէսզի խաղաղութեան մէջ պահէ Լիբանանի բոլոր զաւակները''։ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը կ՛եզրափակէ խնդրելով որ ''Ամենակալը օրհնէ Լիբանանը ու անոր բոլոր բնակիչները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.