2014-03-26 09:23:43

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատարագի հրաւիրած է Իտալիոյ ազգային ժողովականներն ու ծերակուտականները։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իտալիոյ ազգային ժողովականներն ու ծերակուտականները հրաւիրած է յառաջիկայ 27 մարտ-ին առաւօտեան ժամը 7-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ մասնակցելու սուրբ պատարագի արարողութեան։
Սրբազան Քահանայապետը հրաւէրը ուղղած էր Ազգային Ժողովի մատրանապետ գերապայծառ Լորենցօ Լէուցցիի։ Նամակին մէջ Ան գրած էր` ''Աստուծմէ կը խնդրեմ որ աւելցնէ թիւը քաղաքական այն մարդոց, որոնք կարող ըլլան ճշմարիտ երկխօսութիւն հաստատելու աշխարհի չարիքը նուաճելու եւ ազդուօրէն ամոգելու այդ չարիքին արմատները''։ Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Իտալիոյ ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ նոր վարչապետ Մաթթէօ Ռէնցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.