2014-03-26 09:23:56

ՆԱԹՕ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ զօրքերու կուտակման հարցով կը զգուշացնէ Ռուսիան


ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕի զօրքերու հրամանատար զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ զօրքերու կուտակման հարցով զգուշացուց Ռուսիան՝ նշելով, որ ՆԱԹՕ մասնաւորաբար մտահոգ է այդ ուժերուն Մոլտովայի Մերձտնեսթր շրջանին դէմ ներկայացուցած սպառնալիքով: «Ռուսիան հակառակորդի մը նման կը վարուի աւելի, քան՝ գործընկերոջ մը», ըսաւ ան: Սակայն Ռուսիա յայտնեց, որ Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող իր ուժերուն թիւը կը համապատասխանէ միջազգային համաձայնութեանց:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպանը զգուշացուց Միացեալ Նահանգները դէպի Ուքրանիա զօրք կամ զինուորական օժանդակութիւն ուղարկելէ՝ յայտնելով, որ ատիկա «լուրջ սխալ» մը պիտի ըլլայ:
Ուքրանիոյ ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ղեկավար Ատրիյի Փարուպիյի, Քիեւի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Փութինի նպատակը Խրիմը չէ, այլ՝ ամբողջ Ուքրանիան: Սահմանին վրայ կուտակուած անոր ուժերը պատրաստ են որեւէ պահու յարձակում գործելու»:
Շաբաթ օր ռուս զինուորներ ներխուժեցին Սեւասթոփոլի մօտ գտնուող ուքրանական օդուժի «Պելպեք» օդակայանը եւ ուքրանական ուժերը ստիպեցին հեռանալու վայրէն:
Նաեւ, «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պելոռուսի կառավարութիւնը ճանչցած է Խրիմը՝ իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը:







All the contents on this site are copyrighted ©.