2014-03-25 12:26:14

''Տէրը մեր հետ ուղեւորութեան մէջ է մեր սիրտը կակուղ դարձնելու համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Աւետման տօնին առթիւ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց թէ ինչպէս միմիայն Մարիամի նման հեզ սիրտ մը ունենալով է որ կարող ենք մօտենալ Աստուծոյ։ Ան ապա աւելցուց Փրկութիւնը ոչ կը վաճառուի եւ ոչ կը գնուի, ձրի տրուած նուէր մըն է ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատեց թէ Տէրը կ՛ընկերանայ իր ժողովուրդին որպէսզի մեր սիրտը կակղցնէ, զայն դարձնելով աւելի մարդկային եւ Աստուծոյ մօտիկ սիրտ մը` սնապարծութենէն հեռու։ Փրկութիւնը մաքուր ու խոնրահ սիրտ կը պահանջէ, նման Մարիամի սիրտին, հեզ խոնարհ ու հնազանդ։
Այսօր` մենք կարող ենք Հայրը ողջագուրել, Անոր Որդիին արեան շնորհիւ, որ մարդեղցաւ` մեզ փրկելու համար։ Եւ Հայրը ամէն օր մեզ կը սպասէ ու մեր հետ կ՛ընթանայ պատմութեան հոլովոյթին։ Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ իր այս փրկութեան անհուն պարգեւին համար։ Այսօր Տէրը փառաբանելու օր մըն է – ըսաւ Քահանայապետը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.