2014-03-25 13:09:03

Հայր Անճել Ֆերնանտէզ Արթիմէ ընտրուեցաւ Սալեզեան Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւոր


Սալեզեան միաբանութեան 27-րդ ընդհանուր ժողովը, երեքշաբթի 25 մարտին որպէս միաբանութեան ընդհանուր նոր մեծաւոր ընտրեց` 53 ամեայ Հայր Անճել Ֆերնանտէզ Արթիմէն։
Հայր Արթիմէ ծնած է 21 օգոստոս 1960-ին Սպանիայի մէջ։ Առաջին ուխտերը կատարած է 3 սեպտեմբեր 1978-ին եւ մշտնջենաւոր ուխտերը` 17 յունիս 1984-ին։ Քահանայ ձեռնադրուեցաւ 4 յուլիս 1987-ին։ 2009 էն ի վեր նշանակուած էր հարաւային Արժանթինի քննիչ, եւ այս իր պաշտօնի բերումով առիթը ունեցած էր մօտէն ճանչնալու եւ համագործակցելու` Պուէնոս Այրէսի երբեմնի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Եորկէ Պերկոլիոյի հետ, Ֆրանչիսկոս Պապը։ Հայր Անճել Ֆերնանտէզ Արթիմէ կը հանդիսանայ Տոն Պոսքոյի Ժ–րդ յաջորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.