2014-03-24 08:56:01

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը ի նպաստ հարաւային Սուտանին։


Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փարոլինիի ստորագրութիւնը կրող մէկ պատգամով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած է, Հարաւային Սուտանի մէջ վերջ դնելու բռնութիւններուն, ապահովելու մարդասիրական օժանդակութիւնները ու զարգացնելու խաղաղութեան գործընթացը։
Պատգամի ընթերցումը կատարեց կարտինալ Փիթէր Թուրքսոն` արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Ժուպայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած պատարագի ընթացքին, երկրին կատարած 5 օրուայ այցելութեան աւարտին։
''Առանց խաղաղութեան չկայ զարգացում'' գրած է Սրբազան Հայրը, Ժուպայի Արքեպիսկոպոսին ուղղած իր նամակին մէջ, ի տես 2013-ի դեկտեմբերին սկիզբ առած ''ցեղային'' հակամարտութիւններուն որ ''բաժանումներ, անօթութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ կը յառաջացնէ''։
''Չենք կրնար անտարբեր մնալ այս իրողութեան ի տես'' կը շեշտէ Քահանայապետը ակնարկելով բազում գաղթականներուն ու անոնց ոտնակոխուած արժանապատուութեան։ Ուստի կոչ կ՛ուղղէ հակամարտող բոլոր կողմերուն ոգեկոչելով միջազգային հասարակութեան աջակցութիւնը վերջ դնելու բռնութիւններուն եւ ապահովելու մարդասիրական օգնութիւններու մուտքը երկիր։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛ընդգծէ ապա ''հանդիպումի մշակոյթի'' կարեւորութիւնը կերտելու համար ընկերային ''կառուցողական'' մթնոլորտ մը ուր հասարակաց բարիքը գերիշխէ անձնական ձգտումներուն եւ շահերուն վրայ։
Սրբազան Հայրը ապա քրիստոնեաները կը հրաւիրէ քառասնորդաց շրջանի ընթացքին ''խիղճերու ապաշխարութեան''` դէպի արդարութիւն, եղբայրութիւն եւ բաժնեկցութիւն։
Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը դատապարտէ ամէն տեսակ բռնութիւն եւ կը գործէ ''երկխօսութեան, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.