2014-03-24 13:56:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումները։


Երկուշաբթի 24 մարտի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը, որմէ ետք ընդունեց Կինուէի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց ''Քահանայապետական առողջապահութեան խորհուրդի'' կազմակերպած համաժողովին մասնակիցները ու ապա ունկնդրութիւն շնորհեց “Apostolikì Diakonia” Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մարմնի մէկ պատուիրակութեան։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ մարմինը Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի մէկ մարմինն է որ կը զբաղի հովուական, մշակութային եւ խմբագրական գործունէութեան զարգացումով Յունաստանի մէջ։ 2001ին, ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետի Յունաստան կատարած այցելութենէն ետք, երկու եկեղեցիներու միջեւ կապերը բարելաւում արձանագրեցին եւ այդ օրէն “Apostolikì Diakonia” մարմինն ու Սուրբ Աթոռը համամիութենական միասնական ծրագիրներ մշակեցին։
Վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը, իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին այցելութիւն կը կատարէ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայ, Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայ եւ հանդիպումներ կ՛ ունենայ Վատիկանի զանազան մարմիններու պատասխանատուներուն հետ, որոնց շարքին է նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Գիւրդ Գոխը։
''Քահանայապետական առողջապահութեան խորհուրդի'' համաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատեց անոնց աշխատանքը ի սպաս իրենց հիւանդ եւ անկար եղբայր ու քոյրերուն։
Տառապանքի մէջ ոչ մէկը միայնակ է – ըսաւ Քահանայապետը – որովհետեւ Աստուած մարդու հանդէպ ունեցած անհուն գթութեամբ ու սիրով կ՛ընդառաջէ ամէնուն։ Տառապողներուն հետ եղբայրական բաժնեկցութեան փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ կեանքի իսկական գեղեցկութիւնը եւ ամէն կեանք պահպանելուն մէջ, մենք կը ճանչնաք ամէն անհատի արժանապատութիւնը սաղմէն մինչեւ մահ - ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքի աւարտին ներկաներուն թելադրեց Յիսուսը տեսնել աղքատին, տառապողին, մանուկներուն, անկարներուն, ծերունիներուն եւ նոյնիսկ ''անցականալի'' մարդոց մէջ։ Ան ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն աւետարանութեան ծիրէն ներս իրենց տածած աշխատանքին համար եւ ապա օրհնեց զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.