2014-03-24 14:41:55

Մեծ պայթում Սուրիա-Թուրքիա սահմանին։


Մեծ պայթում մը տեղի ունեցած է Սուրիա Թուրքիա սահմանին, այս մասին կը յայտնէ Almayadeen-ը։ Նախնական տուեալներով պայթումը տեղի ունեցած է այդ գործին համար պատրաստուած ինքնաշարժով մը, որ կը փորձեր մուտք գործել սուրիական տարածք։ Սուրիոյ պետական հեռուստաալիքը կը հաստատէ, Ազգային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար, Հիլալ Ալ Ասատ վիրաւորուած ու տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր եւ մահացած է։
Հիլալ Ալ Ասատ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հարազատներէն է, վիրաւորուած էր Քեսապի մարտերուն, որ տեղի կ’ունենայ սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ։
Նշենք, որ չորս օրէ ի վեր Թուրքիա Սուրիա սահմանին մարտերը կը շարունակուին Քեսապի սահմանային անցքին տիրանալու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.