2014-03-24 09:47:35

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանը Օճալանի ցկեանս բանտարկութիւնը «Մարդկային Իրաւանց խախտում» կը նկատէ


Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի բողոքին հիմամբ վճռեց, որ Թուրքիա մասամբ խախտած է Մարդկային իրաւանց շուրջ եւրոպական ուխտը: Դատարանը մասնաւորաբար Անգարային կոչ ուղղեց պայմանաւորեալ ազատ արձակման մեքանիզմներ ստեղծելու կամ ցկեանս բանտարկութիւնը ջնջելու:
Օճալան Իմրալը բանտին մէջ տիրող իր բանտային պայմաններուն շուրջ բողոք ներկայացուցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին:
7 դատաւորներէն չորսը վճռեցին, որ 17 փետրուար 2009-էն ի վեր Օճալանի արգելափակման պայմանները Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի` անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքը արգիլող 3-րդ յօդուածի խախտում են: Օճալան փետրուար 1999-էն նոյեմբեր 2009 մեկուսացուած էր:
Դատաւորներէն վեցը վճռեցին, որ 17 նոյեմբեր 2009-էն ետք 3-րդ յօդուածի խախտում տեղի չէ ունեցած:
Դատարանը նաեւ միաձայնութեամբ վճռեց, որ Օճալանի ցկեանս բանտարկութիւնը 3-րդ յօդուածի խախտում մըն է, սակայն 4 դէմ եւ 3 թեր քուէներով վճռեց, որ սեփական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունքին վերաբերող 8-րդ յօդուածի խախտում գոյութիւն չունի:
Դատարանը նաեւ զգուշացուց Անգարան, որ «բանտերը պէտք չէ դժոխքի դարպասներու վերածուին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.