2014-03-24 09:47:07

«Նախագահական ընտրութիւնը կը ջանամ կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին» շեշտեց նախագահ Սլէյման


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ժարապթայի Մար Եուսեֆ եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ Սրբուհի Ռաֆքայի մահուան 100-ամեակին առիթով:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ եւ հոգեւորականներ, որոնց շարքին` պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Պաալպեքի եւ Տէյր Ահմարի մարոնի համայնքի առաջնորդ Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոսին առեւանգումը:
Քաղաքական առումով, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան եւ կառչած մնալու լիբանանեան համակեցութեան ու երկխօսութեան սկզբունքին:
Ան դրուատեց նախագահ Սլէյմանի կողմէ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը ժողովի մը հրաւիրելը` մաղթելով, որ քաղաքական բոլոր կողմերը կ՛ընդառաջեն այդ հրաւէրին:
Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ ապահովութիւնը ամրապնդուի:
Պատարագէն ետք նախագահ Սլէյման լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանաւ որ այդ ռազմավարութեան հրամանատարը ըլլայ բանակը, իսկ հեղինակը` լիբանանեան պետութիւնը:
Ան ընդգծեց Թրիփոլիի տագնապին արմատական վերջ մը դնելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք պիտի ջանայ նախագահական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ կարեւոր չէ յաջորդ նախագահին անձը, այլ կարեւոր է անոր վարուելակերպը, որ պէտք է սահմանադրութեան համազօր ըլլայ, սահմանադրութիւնը սակարկութեան նիւթ չդառնայ եւ երկրին գերիշխանութիւնը պահպանուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.