2014-03-24 09:58:09

«Արմին Վեկները եւ Անատոլիայի Հայերը 1915թ.» խորագիրով ցուցահանդէսը Իտալիոյ մէջ։


Իտալա-գերմանական «Վիչենցի» մշակութային կեդրոնը, Հայաստանի դեսպանատան եւ Իտալիոյ հայերու միութեան հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպած է «Արմին Վեկները եւ Անատոլիայի հայերը 1915թ.» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որուն ներկայացուած են գերմանացի գրող եւ իրաւապաշտպան Արմին Վեկների` Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստող լուսանկարները: Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը գրէ «Nouvelles d`Armnnie»-ն:
1915թ. սանիտարական ծառայութեան գերմանացի երիտասարդ սպայ Արմին Վեկները, որ կը ծառայէր Օսմանեան կայսրութեան գերմանական ստորաբաժանումին մէջ, դարձած էր երիտթուրքերու կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսը: Ան կատարած է հարիւրաւոր լուսանկարներ` փորձելով ողբերգական իրականութիւնը ներկայացնել գերմանական հանրութեան:
Վեկները նաեւ դիմած էր ԱՄՆ-ի նախագահ Ուտրօ Ուիլսընին` խնդրելով օգնել հայերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.