2014-03-22 14:36:29

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը ընդունեց Նիճերիոյ նախագահը։


Շաբաթ, 22 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Դաշնակցային Նիճերիոյ հանրապետութեան նախագահը ՝Տիար Էպէլ Կուտլաք։ Նիճերիոյ նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փարոիլինին եւ արտգործ նախարար` Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիին հետ։

Տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին, ակնարկուեցաւ երկու Պետութիւններու միջեւ գոյացած բարեկամական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ դրական ներդրումին ի նպաստ երկրի բարիքին, յատուկօրէն դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս ինչպէս նաեւ երկխօսութեան զարգացման ընկերային զանազան խաւերուն միջեւ։
Հանդիպումի ընթացքին յատուկօրէն քննարկուեցան մարդու արժանիքի եւ անոր հիմնական իրաւունքի պաշտպանութիւնը՝ սկսեալ կրօնքի ազատութենէն։ Ներկաները միասնաբար դատապարտեցին ամէն տեսակ բռնութիւն մաղթելով որ Նիճերիոյ մէջ հաստատուի խաղաղ համակեցութիւնը։

Նշենք, թէ ուրբաթ 21 մարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Մալթայի հանրապետութեան նախագահ`
Տիար Ժորժ Ապգէլային։ Մալթայի հանրապետութեան նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար Կարտինալ
Փարոլինին եւ արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպէրթիին հետ։ Հանդիպման հիմնական նիւթը եղաւ գաղթականութեան երեւոյթը եւ այս առընչութեամբ Եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան դերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.