2014-03-22 09:34:25

Ուքրանիա ետ կանչած է Հայաստանի մէջ իր դեսպանը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ուքրանիա Քիեւ կանչած է Հայաստանի մօտ իր դեսպան Իւան Կուխտան՝ խորհրդակցութիւններու համար:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ուքրանիոյ մօտ դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան հրաւիրուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր բացատրութիւն պահանջող գրութիւն մը յանձնած են անոր : Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան:
Ուքրանական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ ուքրանական կողմը դեսպանին յայտնած է իր անհանգստութիւնը: «Մենք դիմած ենք Հայաստանին, որպէսզի վերջինս պաշտօնապէս ու հրապարակաւ յայտարարէ, որ չ՛ընդունիր Խրիմի բռնակցումը: Հակառակ դիրքորոշում արտայայտելը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ», յայտարարած էր արտաքին գործոց փոխնախարար Տանիլա Լուպքիւսքին:
21 Մարտին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տանիլա Լուպքիւսքի յայտարարած է, որ Հայաստանի կողմէ Խրիմի բռնակցումը ճանաչումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն վրայ: «Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը երկու անգամ կանչած են Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Մենք անոր փոխանցեցինք մեր անհանգստութիւնը, Հայաստանի մէջ մեր դեսպանատունը համապատասխան յանձնարարութիւն ստացած է: Այսօր հայկական կողմին «նոթա» մը յանձնուած է, ուր մենք դիմեցինք Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշման վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու համար: Մենք դիմած ենք Հայաստանին, որպէսզի ան պաշտօնապէս եւ հրապարակաւ յայտնէ, որ չի ճանչնար Խրիմի բռնակցումը: Դիրքորոշման իրականացման կամ բարձրաձայնման պարագային, որ մենք կրնանք նկատել ոչ բարեկամական, ատիկա բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ», նշած է փոխնախարարը։
Նախօրէին ուքրանական «Սուոպոտա» կուսակցութեան առաջնորդ Օլեկ Տեակնիպոք Գերագոյն ռատայի ամպիոնէն կոչ ուղղած է տուն կանչելու ուքրանական դեսպանները այն երկիրներէն, որոնք Խրիմը նկատած են Ռուսիոյ մէկ մասը: Խօսքը յատկապէս կը վերաբերէր Հայաստանի եւ Խրխզստանի մօտ ուքրանացի դեսպաններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.