2014-03-22 09:44:50

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Ղուկ 16, 1-13


RealAudioMP3 1 Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար` որ տնտես մը ունէր. ասիկա ամբաստանուեցաւ անոր առջեւ` որպէս թէ կը փճացնէ անոր ինչքը:
2 Ուստի կանչեց զայն եւ ըսաւ անոր. “Այս ի՞նչ է` որ քու մասիդ կը լսեմ. տնտեսութեանդ հաշի՛ւը տուր, որովհետեւ ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ”:
3 Տնտեսը ըսաւ ինքնիրեն. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տէրս տնտեսութիւնը կ'առնէ ինձմէ. *չեմ կրնար հողագործ ըլլալ``, կ'ամչնամ մուրալ:
4 Գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի երբ հեռացուիմ [իմ] տնտեսութենէս` ընդունին զիս իրենց տունը:
5 Եւ իրեն կանչելով իր տիրոջ պարտապաններէն իւրաքանչիւրը, ըսաւ առաջինին. “Դուն ո՞րչափ կը պարտիս իմ տիրոջս”:
6 Ան ալ ըսաւ. “Հարիւր մար ձէթ”: Ըսաւ անոր. “Ա՛ռ մուրհակդ, ու շուտո՛վ նստէ` «յիսո՛ւն» գրէ”:
7 Յետոյ ըսաւ միւսին. “Դո՛ւն ո՞րչափ կը պարտիս”: Ան ալ ըսաւ. “Հարիւր քոռ ցորեն”: Ըսաւ անոր. “Ա՛ռ մուրհակդ եւ «ութսո՛ւն» գրէ”:
8 Տէրը գովեց անիրաւ տնտեսը` որ ուշիմութեամբ վարուեցաւ. որովհետեւ այս աշխարհի որդիները աւելի՛ ուշիմ են իրենց սերունդին մէջ` քան լոյսի որդիները:
9 Ես ալ կ'ըսեմ ձեզի. “Բարեկամնե՛ր ըրէք ձեզի անիրաւ մամոնայէն, որպէսզի *երբ ան պակսի``, ընդունին ձեզ յաւիտենական **բնակարաններու մէջ”:
10 Ա՛ն որ ամենափոքր բանին մէջ հաւատարիմ է` շատին մէջ ալ հաւատարիմ կ'ըլլայ, եւ ա՛ն որ ամենափոքրին մէջ անիրաւ է` շատին մէջ ալ անիրաւ կ'ըլլայ:
11 Ուրեմն եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ [հարստութիւնը] ո՞վ պիտի վստահի ձեզի:
12 Եթէ ուրիշին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձե՛րը ո՞վ պիտի տայ ձեզի:
13 Ո՛չ մէկ ծառայ կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ *մէկուն պիտի յարի`` ու միւսը արհամարհէ: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային»:







All the contents on this site are copyrighted ©.