2014-03-22 09:34:42

Լիբանանի կառավարութիւնը ստացաւ վստահութեան քուէն


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումի մասին խորհրդարանին նիստերը Հինգշաբթի, Մարտ 20ին հասան իրենց աւարտին՝ վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան ապահովելով 96 թեր քուէ: Խորհրդարանի նիստին ներկայ 101էն միայն 4 երեսփոխաններ մերժեցին իրենց քուէն շնորհել անցեալ ամիս կազմուած կառավարութեան, իսկ մէկը՝ ձեռնպահ մնաց:
Յստակ էր, սակայն, որ «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններէն շատերը դժկամութեամբ իրենց քուէն շնորհեցին կառավարութեան, պարզապէս ընդառաջելու համար նախագահական ընտրութեան սեմին կառավարութեան աշխատանքը դիւրացնելու կոչերուն:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն Սուրիոյ տագնապին «Հըզպալլա»ի մասնակցութիւնը: Նիստի շրջագիծին մէջ վերջին խօսքը արտասանեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակցութեան նախագահ Մուհամմատ Ռաատ, որ յայտնեց, թէ այնքան ատեն, որ իսրայէլեան բռնագրաւում կայ Լիբանանի մէջ, դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ան շեշտեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ կը պայքարին բնակչութիւնը հալածող եւ հաւատադրժողութիւն պարտադրող ահաբեկիչներուն դէմ:
Ապա, վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանին՝ անոր շնորհած վստահութեան քուէին համար: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ազգային շահերը ներկայացնող կազմ մըն է, որ կը բովանդակէ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժեր, եւ լիբանանցիներուն չէ խոստացած այն, ինչ չի կրնար կատարել:







All the contents on this site are copyrighted ©.