2014-03-22 08:09:49

«Թուիթըր»ը արգիլելու վերաբերեալ Էրտողանի քայլը խստօրէն կը քննադատուի


ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Ուրբաթ, Մարտ 21ին, Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ, ԵԱՀԿը եւ համաեւրոպական քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ խստօրէն քննադատեցին Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր» համացանցային ընկերային ցանցի օգտագործումը արգիլելու վերաբերեալ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քայլը՝ այդ որոշումը անմիջապէս փոխելու կոչ ընելով:
Մէկ օր առաջ, Պուրսայի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Էրտողան սպառնացած էր «արմատախիլ ընել» «Թուիթըր»ը, եւ կէս գիշերին արդէն արգելք դրուեցաւ այդ ցանցին գործածութեան դէմ։ «Մեզի համար կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ պիտի ըսէ միջազգային համայնքը. ամէն մարդ այլեւս պիտի տեսնէ Թուրքիոյ ուժը», ըսած էր Էրտողան։ Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան նախագահութիւնը, այս որոշումին իբրեւ պատճառաբանութիւն, ներկայացուց դատարանի երկու վճիռներ, որոնք անտեսուած են «Թուիթըր»ի կողմէ:
Ցանցը 2011ին Թուրքիոյ մէջ գործածութեան անցած է եւ ունի աւելի քան 12 միլիոն օգտագործողներ Թուրքիոյ տարածքին։ Ցարդ, «Թուիթըր»ը միայն Չինաստանի մէջ արգիլուած էր: Իրանի մէջ, նախքան 2009ի նախագահական ընտրութիւնները, «Թուիթըր»ը արգիլուած էր, բայց 2013ին հոն ալ արտօնուեցաւ։ Եգիպտոսի մէջ եւս, նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի դէմ ցոյցերուն ընթացքին, կարճ ժամանակի համար «Թուիթըր» ցանցը փակուած էր։
Թուրք լրագրողներ ու հրապարակագիրներ եւս իրենց բողոքը արտայայտեցին՝ նշելով, որ ասիկա ծանր հարուած մըն է խօսքի ազատութեան:
Ներկայիս, Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր»ը համացանցին միջոցաւ օգտագործել փորձողները, անոր վրայ կը տեսնեն դատարանին վճիռը ու «Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան նախագահութեան կողմէ ապահովութեան զգուշութիւն մը կը գործադրուի» խորագրեալ բացատրութիւնը, սակայն «Թուիթըր»ի պատասխանատուները ցանցը հեռաձայններու եւ հաղորդակացական այլ գործիքներու միջոցաւ օգտագործելու մասին տեղեկութիւններ սկսած են փոխանցելու իրենց յաճախորդներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.