2014-03-21 12:22:18

Քառասնորդացի երկրորդ քարոզութիւնը, Վատիկանի Փրկչին Մայր մատրան մէջ։


Քահանայապետական տան քարոզիչը հայր Ռանիերօ Քանդալամեսսան, Վատիկանի Փրկչին Մայր մատրան մէջ կատարած քառասնորդացի երկրորդ քարոզութեան ընթացքին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ միութեան ու սրբութեան վրայ ներշնչուելով Ս. Օգոստինոսի ուսուցումէն որ իր աստուածաբանութիւնը կը կեդրոնացնէ Շնորհքի ու Եկեղեցւոյ նիւթերու վրայ։ Շնորհքի հայող ուսուցումը մեծ արձագանգ ունեցաւ 16-րդ դարէն սկսեալ, ըլլայ բողոքական եւ ըլլայ կաթողիկէ շրջանակներուն մէջ։ Մինչ եկեղեցական ուսուցումը մեծ զարկ ունեցաւ շնորհիւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին, քանի 'Եկեղեցին' անոր կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ։ Եկեղեցւոյ մասին նիւթը թէեւ անծանօթ չէր առաջին դարերու յոյն եւ լատին հայրապետներուն, ս. Օգոստինոս պարտաւորուեցաւ խորացնել եկեղեցաբանութիւնը` ի՞նչ է Եկեղեցին աստուածային ծրագրին մէջ, անոր բնութիւնը ու անոր պաշտօնը, պայքարելու ժամանակակից աղանդաւորներուն դէմ։
Ս. Օգոստինոս սերտեց սկզբունք մը որ հիմը հանդիսացաւ եկեղեցաբանութեան։ Ս. Օգոստինոսին համար Եկեղեցին թէ երկրաւոր է (ներկայ) եւ թէ երկնաւոր (ապագայ), ու միմիայն երկնաւոր եկեղեցին կը պատկանի սուրբերուն, մինչ առաջինին մէջ կ'ապրին արդարներն ու մեղաւորները։
Քահանայապետական քարոզիչը ըսաւ ս. Օգոստինոսի եկեղեցաբանութիւնը կարող է լուսաբանել ժամանակակից համամիութենական հարցերը։ Բողոքական եկեղեցին կը պատրաստուի տօնախմբելու իր հիմնարկութեան 5րդ դարադարձը, եւ այս բարեպատեհ առիթ մը կրնայ հանդիսանալ – յայտնեց Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան ու աւելցուց - Ամէնքս կանչուած ենք Քրիստոսի ետեւէն քալելու եւ օգնելու ժամանակակից մարդիկը ճանչնալու Քրիստոսի անձը։ Առաքեալները իրենց քարոզութիւնը չսկսան ըսելով. ''մենք ձեզի կը հաղորդենք այս կամ այն վարդապետութիւնը'' այլ ըսին. ''մենք կը քարոզենք Քրիստոսը, խաչուած Քրիստոսը'' նոյնպէս ''մենք ձեզի կը քարոզենք Յիսուս Քրիստոս, Տէրը''։
Ս. Օգոստինոսի այս մօտեցումը Եկեղեցւոյ եղաւ նոր ու բեղուն։ Անոր միութեան էութիւնը կը գտնենք Ս. Հոգւոյ մէջ։ Քրիստոս անձամբ սահմանեց եկեղեցւոյ խորհրդական նշանակութիւնը ըսելով. ''որպէսզի անոնք մէկ ըլլան , ինչպէս որ մենք մէկ ենք''։
Եկեղեցւոյ միութիւնը կը կայնայ այս խորհրդական ու հոգեւոր միութեան մէջ։ Հետեւաբար Եկեղեցւոյ միութեան կարելի չէ հասնիլ կլոր սեղանի շուրջ բանակցելով, այլ միասնաբար ու եղբայրական համաձայնութեամբ հռչակելով Յիսուս Տէրը, իւրաքանչիւրը ապրելով իր խարիզմը ու ճանչնալով եղբայրները Քրիստոսի մէջ։
Քահանայապետական տան քարոզիչը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց մէջբերելով ս. Օգոստինոսի սա խօսքը. ''եթէ կ'ուզէք ապրիլ Ս. Հոգւոյ մէջ, պահպանեցէք սէրը, սիրեցէք ճշմարտութիւնը եւ պիտի հասնիք յաւիտենականութեան. ամէն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.