2014-03-21 10:21:22

Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոսնի բերդը


Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոմսի արեւմուտքը գտնուող Հոսնի բերդը, այդպիսով վերջ տալով շրջանին վրայ զինեալ ընդդիմութեան երկամեայ վերահսկողութեան:
Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, այդ դիրքէն հեռացած զինեալներուն մեծամասնութիւնը Ժունտ Շամի անդամ լիբանանցիներ են:
Սուրիական բանակը ձերբակալեց շարք մը զինեալներ: Վայրին մէջ գտնուող զինեալներ, ներառեալ` վիրաւորներ յաջողեցան փախուստ տալ եւ մուտք գործել Լիբանանի Ուատի Խալետ շրջանը, իսկ ուրիշներ ինկան սուրիական բանակին լարած թակարդներուն մէջ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, սպաննուած են 40 զինեալներ, որոնց շարքին Ժունտ Շամի ամիրը` Ապու Սուլէյման Տանտաշի, որ լիբանանցի մըն է:
Զինուորական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ միայն Հոսն գիւղին մէջ 250-300 զինեալներ կային:
Հոսնի բերդը զինեալ ընդդիմութեան Հոմսի արուարձաններուն արեւմուտքը գտնուող վերջին դիրքն էր եւ կը վերահսկէր Ուատի Նասարայի ու Հոմսի մէջ գտնուող լայն տարածքներու







All the contents on this site are copyrighted ©.