2014-03-21 13:04:50

''Մեր սրտերուն մէջ Աստուծոյ խօսքը չսպաննելու համար, հարկաւոր է հեզութիւն ու աղօթք'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 21 մարտի քարոզին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ, 21 մարտին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ ոճրագործ այգեպաններու առակը։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց ''եթէ՝ քրիտոնեայ մը չ'աղօթեր եւ հեզ չէ՝ կրնայ տիրապետել Աստուծոյ խօսքին ու զայն ներկայացնել ըստ իր հաճոյքին։ Այս է ողբերգութիւնը` տիրապետել Աստուծոյ խօսքին որ կը դառնայ մեր խօսքը, ըստ մեր պահանջներուն եւ օգուտներուն։ Աստուծոյ խօսքը այսպէսով կը մեռնի ու կրնայ մեռնիլ նաեւ մեր սրտերուն մէջ, բայց՝ վերջ չի գտներ, որովհետեւ, Աստուծոյ Խօսքը կենդանի կը մնայ պարզ, հեզ, ու խոնարհ Աստուծոյ ժողովուրդին սրտերուն մէջ։
Այս է ահա Աստուծոյ Խօսքը ունկնդրողին վարվուելակերպը` առաջինը հեզութիւնը, երկրորդ` աղօթքը։ Աղօթքով եւ հեզութեամբ յառաջ ընթանանք ունկնդրելով Աստուծոյ խօսքը եւ հպատակելով Անոր եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.