2014-03-20 10:10:50

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի Ուքրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացութեան եւ ամէն ջանք կը թափէ խաղաղութեան վերահաստատումին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհելով Ուքրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գահերէց` գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքը , անոր երաշխաւորեց որ մօտէն կը հետեուի Ուքրանիոյ կացութեան եւ իր կարելին կ'ընէ որպէսզի երկրին լարուած կացութիւնը խաղաղի։ Ուքրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետը ընդգծեց եկեղեցիներու խորհուրդի ու կղերական կազմակերպութիւններուն դրական դերը Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին ի սպաս ։ Ուքրանիոյ եպիսկոպոսապետը բացի Սրբազան Քահանայապետէն տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` կարտինալ Փարոլինին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.