Հռոմի Քաղաքապետարան` Քամփիտոլիոյի մէջ, երեքշաբթի, 18 մարտի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ
''Տուչչի'' խաղաղութեան մրցանակի տուչութիւն որուն արժանացաւ նաեւ` Արեւելեան Եկեղեցիներու
Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին։ Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուած էր
նաեւ Արհիապատի Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան որ այս մասին մեզի փոխանցեց իր վկայութիւնը
ակնարկելով նաեւ իր թեմին` Աղեքսանդրիոյ իրավիճակի մասին։